Կիրակի, 24 Փետրուար 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք.Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, կատարեց Ս. Գէորգի սրբանկարի օծումը, եւ ուղղեց իր պատգամը։ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, նոյն օրը, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ՀՕՄ-ի ննջեցեալ ծառայողներու եւ բարերարներու հոգիներու խաղաղութեան համար։
Ս. Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներէն Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական ու Շրջանային վարչութեանց եւ «Մայր» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներ։
Քարոզէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց եկեղեցւոյ նոր սրբանկարին օծումը։ Արդարեւ, Խամիսեան ընտանիքը Ս. Գէորգ զօրավարի նկարը նուիրած էր եկեղեցւոյ ի յիշատակ իրենց զաւակին՝ Գէորգ Խամիսեանի, որ տարի մը առաջ զոհ գացած էր ինքնաշարժի արկածի։
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամի սկզբնաւորութեան խօսեցաւ Ս. Գէորգ Զօրավարին ու անոր նահատակութեան մասին, հաւատացեալները հրաւիրելով որ դիմեն մեր բոլոր սուրբերուն բարեխօսութեան, որպէսզի Աստուած մեզ հաստատ պահէ բոլոր ալեկոծութեանց դէմ, հեռու պահէ հիւանդութիւններէ ու ամեն տեսակի չարիքէ եւ հաստատ պահէ մեր հաւատքին մէջ։ Ան նշեց, որ մենք սուրբերուն պաշտամունք չենք ըներ, այլ անոնց բարեխօսութեան կը դիմենք, որովհետեւ անոնք իբրեւ նահատակներ եւ ընտրեալներ մնայուն կերպով առ Աստուած բարեխօս կ’ըլլան մեր բոլորին։
Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ օրուան աւետարանական ընթերցումին վրայ, որ քաղուած էր Յովհաննու Աւետարանի 7-րդ գլուխի 37-52 համարներէն, ուր Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ.- «Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ։ Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ՝ «Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին»։ Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ խմելու կենաց ջուրէն եւ կը խոստանայ Ս. Հոգին ղրկել ու զօրացնել հաւատացեալը, ինչպէս նաեւ հրաւէր կ’ուղղէ հաւատացեալներուն, ըսելով. «Եկէք ինծի յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես ձեզի հանգիստ պիտի տամ»։ Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Ս. Հոգիին միջոցով Յիսուս մեզի նոր կեանք կը շնորհէ, մեզ կը մաքրէ, մեր ճամբան կը լուսաւորէ, ինչպէս որ եղած է Քրիստոսը իրենց Տէրը ճանչցող սուրբերուն պարագային որոնք հաւատքին զէնքով զինուած կամովին զոհաբերուեցան հաւատքի ու ազգի պաշտպանութեան համար։
Պատգամին վերջին բաժինով, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ ՀՕՄ-ի ծառայութեանց վրայ, նշելով, որ այս օրը պէտք չէ դիտենք միայն ննջեցեալները յիշելու մօտեցումով, այլ պէտք է «պահ մը կանգ առնենք այն աշխատանքներուն ու ծառայութիւններուն առջեւ, որ հայութեան կեանքին մէջ կատարած է ՀՕՄ-ը՝ իր ծնունդէն՝ 1910-էն ի վեր, բազմաթիւ ասպարէզներու մէջ ճիգ ու ժամանակ զոհաբերած են ՀՕՄ-ականներ, իսկ երբ հասած է պահը հեռանալու այս աշխարհէն, հետք մը ձգած են մեր կեանքին մէջ, իրենց նուիրումը իբրեւ աւանդ փոխանցած են յաջորդ սերունդներուն, որոնք այսօր բարձր կը պահեն մօտաւորապէս 110 տարի առաջ վառուած ջահը»։ Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ ամերիկեան այս ափերուն, ՀՕՄ-ի ծառայութիւնները ունին աւելի քան 100 տարուան պատմութիւն, իսկ Շրջանային Վարչութիւնը այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան 35-րդ տարեդարձը։ «Ո՛ւր որ ալ եղած են՝ ՀՕՄ-ականները գործած են հայ մօր ոսկի սրտով, գթառատ գուրգուրանքով, սպեղանի հասցուցած են վիրաւորին ու հիւանդին, տէր կանգնած են անտէր ծերին, օգնութեան ձեռք երկարած են ուսանողին։ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն իվեր, վերջին աւելի քան 25 տարիներուն, ՀՕՄ-ի աշխատանքի դաշտը տարածուած է նաեւ մայր հայրենիքի հողին վրայ, ՀՕՄ-ի ծառայութիւնները հասած են Հայաստան, Արցախ եւ Ջաւախք։ ՀՕՄ-ը գործած է եւ կը գործէ համաձայն Սուրբ Գրային այն պատգամին, թէ աւելի երանելի է տալը, քան թէ առնելը»։
Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ ՀՕՄ-ի քայլերգը խտացումն է այն ոգիին ու գործին, որ իրագործուած է կնոջական այս մեծ միութեան կողմէ, ՀՕՄ-ի հիմնադիրներն ու միութեան աւելի քան հարիւրամեայ վաստակը կերտողները գործած են իբրեւ գթութեան խաչուհիներ, նուիրուած են մեր սրբազան դատին, ամերիկեան այս ափերուն, օտար երկինքներու տակ վառ պահած են հայ դպրութեան ու մշակոյթի ջահը, վառ պահած են հայկական օճախներ, ու այս բոլորէն անդին, գիտեն, որ Հայաստանի վերանկախացումը միայն կարեւոր հանգրուան մըն է այն տեսլականին, թէ օր մը, արդարութեան արեւուն շողերը պիտի տարածուին մինչեւ մեր պատմական հայրենիքի բոլոր անկիւնները, ու ազգովին պիտի հասնինք հայրենի սարերուն սէգ գագաթը։ Ան իր խօսքը եզրափակեց օրհնելով յիշատակը ննջեցեալ ՀՕՄ-ականներուն եւ յաջողութիւն մաղթելով վառուած ջահը բարձր պահողներուն։
Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգահանգստեան պաշտօնը։