Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի։
Դոկտ. Բայբուրդեան ներկայացուց Հիւպատոսարանի գործունէութեան ծրագիրները եւ անոր ընդարձակման ընթացքը։ Խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ համայնքը յուզող հարցերու շուրջ։ Առաջնորդ Սրբազանն ու գլխաւոր հիւպատոսը ողջունեցին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ նոյն օրը որդեգրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը։