Հայաստանի Հանրապետութան Գլխաւոր Հիւպատոսութեան 25-Ամեակի Տօնախմբութիւն

Հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի, Կիրակի 7 Ապրիլ 2019-ին, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոսութեան հիմնադրութեան 25-ամեակը։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ եւ փոխանցեց իր շնորհաւորանքները։

Ձեռնարկին պատուոյ հիւրն էր Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ վսեմաշուք Նիկոլ Փաշինեանի տիկինը՝ Աննա Յակոբեան։ Յատուկ գնահատանքի եւ պատիւի արժանացան Հիւպատոսարանի հիմնադիր բարեկամներ եւ »Հայաստանի Տան« հոգաբարձութեան եւ վարչութեան կազմերը։

Երկուշաբթի, 8 Ապրիլին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր նուիրուած Հիւպատոսութեան 25-ամեակին եւ ի պատիւ Տիկին Յակոբեանին։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ եւ աղօթք կատարեց Գերպ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի եւ Պատուելի Հենրիկ Շահնազարեանի հետ միասին։

Կէսօրէ ետք, Հիւպատոսարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ գաղութի ղեկաւարներու հետ, որուն ներկայ եղաւ Առաջնորդ Սրբազանը։

Նոյն երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Գլխաւոր Հիւպատոսութեան եւ Կլենտէյլի քաղաքապետարանին, «Ալեքս» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանրային հանդիպում մը Տիկին Յակոբեանին հետ։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ եղան Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022