Արցախի Ներկայացուցիչներուն Ի Պատիւ Ընդունելութիւն Հայաստանի Հիւպատոսարանին Մէջ

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 20-րդ թելեթոնին առիթով, եւ ի պատիւ Լոս Անճելըս այցելող՝ Արցախի հոգեւոր ու պետական պատասխանատուներուն, Հայաստանի հիւպատոսարանը Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր, հրաւիրելով մեր գաղութի հոգեւոր, ազգային ու քաղաքական ներկայացուցիչները։ Ընդառաջելով հրաւէրին՝ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ընդունելութեան. Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան։

Ներկայ էին Արցախի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, պետական նախարար Տիար Արայիկ Յարութիւնեան, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Տիար Ռոպէրթ Աւետիսեան, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, Ներկայացուցչական Տան անդամ Ատրին Նազարեան, Կլենտէլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, կուսակցական ու միութենական ներկայացուցիչներ եւ հիւպատոսարանի անձնակազմի անդամներ։

Յանուն հիւպատոսութեան՝ ողջոյնի խօսք արտասանեց Հայաստանի հիւպատոս Տիար Վալերի Մկրտումեան, որ ապա հրաւիրեց պետական նախարարը՝ արտասանելու իր խօսքերը։ Ա. Յարութիւնեան կարեւորութեամբ կանգ առաւ այս տարուան թելեթոնին ճշդած նպատակներուն վրայ, նշելով, որ հանգանակութեան հասոյթը պիտի տրամադրուի ոռոգումի ծրագիրներու, շնորհակալութիւն յայտնեց գաղութի ներկայացուցիչներուն եւ զանոնք հրաւիրեց կոչ ուղղելու մեր ժողովուրդին՝ լիաբուռն մասնակցելու հայրենաշինութեան գործին։

Պետական նախարարը յետ մահու շքանշանով մը պատուեց Մոնթեպելլոյի ազգայիններէն Մխիթար Մինասեանը, առ ի գնահատանք Հայաստանի ու Արցախի անոր մատուցած նուիրեալ ծառայութեանց համար։ Նշենք, որ Մխիթար Մինասեան մաս կազմած է Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանի հիմնադիր խորհուրդին։ Յուշանուէրը յանձնուեցաւ անոր զաւկին՝ Մուրատի։ Պարգեւ Սրբազանը եւս Ս. Գէորգի պատկերով մետաղեայ քանդակ մը իբրեւ յուշանուէր մը յանձնեց Մուրատ Մինասեանի։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022