ՔՈՐՈՆԱ
Քորոնայի եւ Ռիվըրսայտ Գաւառի Հայց. Առաք. Եկեղեցի
Ս. Պատարագ կը մատուցուի իւրաքանչիւր ամսուան առաջին եւ երրորդ Կիրակին, կ.ե. ժամը 2ին, St. Abanoub & St. Antony Coptic Orthodox Church (2345 Fifth St., Norco, CA 92860)
Լոս Անճելըսէն դէպի արեւելք՝ Ռիվըրսայտ գաւառին մէջ եւս հայութիւնը զգալի աճ արձանագրած է վերջին տարիներուն ու կը վայելէր Ազգային Առաջնորդարանի հոգեւոր մատակարարութիւնը։
2005 թուականի առաջին ամիսներուն, այս շրջանի հայութիւնը եւս պաշտօնապէս դիմում ներկայացուց Ազգային Առաջնորդարան, դառնալու ծխական պաշտօնական համայնք։
Թեմիս ժողովականութիւնը ընդառաջեց դիմումին։ Կազմուեցաւ ծխական մարմին մը, որ յանձն առած է իրագործել կազմակերպչական կանոնական քայլերը, որպէսզի շրջանը ունենայ ընտրովի հոգաբարձութիւն եւ իր ներկայացուցիչը ունենայ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին մէջ։