Հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ կազմակերպութեամբ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան, Ուրբաթ, 25 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, Թահանկայի «Օրորա» ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 13-րդ տարեկան ճաշկերոյթը։
Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ձեռնարկին ներկայ եղաւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, շրջանին Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» կոմիտէութեան, ՀՕՄ-ի «Թալին» մասնաճիւղի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Շանթ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, ժողովականութեան անդամներ, բարերարներ եւ բարեկամներ։ Ձեռնարկին հովանաւորութիւնը սիրայօժար յանձն առած էր Ազգային Առաջնորդարանի եւ եկեղեցւոյ բարերարուհիներէն Տիկին Անահիտ Պաղտատլեան-Օհաննէսեան։
Հանդիսավարուհին՝ Տիկ. Թագուհի Արզումանեան արտասանեց ողջոյնի խօսք, ապա հրաւիրեց Սրբազան Հայրը եւ հոգեւոր հովիւը, կատարելու սեղաններու օրհնութիւնը: Հոգաբարձութեան խօսքը արտասանեց Տոքթ. Զարմինէ Նագգաշեան, որմէ ետք, իր սրտի խօսքը ուղղեց հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։
Այնուհետեւ, հանդիսավարուհին բեմ հրաւիրեց Առաջնորդական Փոխանորդը փոխանցելու իր խօսքը: Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգաբարձութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Քրեսենթա Հովիտի հաւատացեալներու ամուր կապուածութիւնը իրենց եկեղեցիին։ Ան աղօթք բարձրացուց, մաղթելով, որ Աստուծոյ կամքով, համայնքը ունենայ իր սեփական եկեղեցին: Իբրեւ գործնական քաջալերանք այս նպատակին, Սրբազանը հոգեւոր հովիւին յանձնեց իր մեծ մօրմէն իրեն աւանդ տրուած ոսկեայ դրամ մը, ըսելով, որ ըստ իր մեծ մօր ցանկութեան՝ զայն պէտք էր նուիրէր բարի եւ Աստուածահաճոյ նպատակի մը։ Սրբազան Հայրը յոյս յայտնեց, որ անիկա ծառայէ իբրեւ նոր թթխմոր՝ եկեղեցաշինութեան նուիրահաւաքին:
Սեփական եկեղեցի ունենալու ծրագիրը ներգրաւեց ներկաներուն ուշադրութիւնը եւ այս նպատակին համար կատարուեցան սրտաբուխ եւ առատաձեռն նուիրատուութիւններ։
Պաշտօնական յայտագիրի աւարտին, երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանքով։