Շաբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2015ի երեկոյեան, Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը պաշտօնական հանդիսութեամբ մը տօնեց իր հիմնադրութեան 10րդ տարեդարձը:
10ամեակի տօնակատարութիւնը մարմանաւորուեցաւ ճաշկերոյթով մը, որ տեղի ունեցաւ Իրանահայ Միութեան Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ: Հանդիսութիւնը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը: Նշենք, որ եկեղեցւոյ տասնամեակին առիթով, Կիրակի, 20 Սեպտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ մատուցեց եւ նոր օրհնուած Միւռոնով ջրօրհնէք կատարեց։
Հանդիսավարն էր Տիար Պերճ Ալեքսանեան: Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Տիար Տիգրան Սարգիսեան: Պետական անձնաւորութիւններ շնորհաւորագիրներ յղած էին ծխական համայնքին:
Մոմավառութենէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր պատգամը: Ան առաջին հերթին ողջունեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, բոլոր ծառայողներն ու շրջանի հայկական միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները, ապա անդրադարձաւ Տէր Հօր եւ հոգաբարձութեան ատենապետին խօսքերուն, զանոնք նկատելով ոչ միայն անցեալ տասը տարիներու աշխատանքին մէկ վկայութիւնը, այլ ծառայութիւնը վերանորոգ յանձնառութեամբ եւ նուիրումով շարունակելու խոստում: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ անցեալ 10 տարիներու աշխատանքին մասին, որ սկիզբ առաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեամբ եւ զարգացաւ օրըստօրէ, սակայն նաեւ շեշտեց, որ քանի մը տարի առաջ գոյացած այն ծրագիրը, թէ ծխական այս շրջանը պէտք է օժտուի սեփական եկեղեցիով, ծառայողներուն եւ գործակիցներուն համար կը մնայ ազնիւ պարտք, որպէսզի շրջանի միութեանց, կազմակերպութեանց ու վարժարաններուն կողքին, կանգնի նաեւ սեփական եկեղեցին:
Առաջնորդ Սրբազանը յատկապէս գնահատեց եկեղեցւոյ առաջին հոգեւոր մատակարարը՝ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանը, այժմու հովիւը՝ Տ. Ղեւոնդ Քահանան, հոգաբարձութիւնը, երեսփոխանները, դաստիարակչական յանձնախումբը, դպրաց դասը, Կիրակնօրեայի ծառայողները, Տիկնանց Միութիւնը, որոնց համատեղ ճիգերուն շնորհիւ է որ եկեղեցին կը գործէ ու զարգացում կ’ապրի: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ այս բոլորը կ’ըլլան Աստուծոյ շնորհքներով, ու արդար է, որ անհատաբար եւ հաւաքաբար մեր նիւթաբարոյական շնորհներն ու անդիւնքները ի սպաս դրուին զԱստուած փառաբանելու, եկեղեցւոյ պայծառացման եւ ազգի շինութեան: Առաջնորդ Սրբազանը դրուատեց նաեւ եկեղեցւոյ նիւթապէս աջակցող բարերարները եւ ներկաները յորդորեց ուռճացնելու նուիրաբերողներու փաղանգը: