Ուրբաթ, 17 Մայիս 2019-ին, Դաւթեան եւ Մարիամեան Կրթական Հաստատութեան 2018-2019 աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «R.D. White» վարժարանի սրահէն ներս։
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան ներկայ եղաւ հանդէսին եւ աշակերտներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքը։