Այսու ուրախութեամբ կը հաղորդենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Կիրակի, 23 Յուլիս 2017-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Այլակերպութեան՝ Վարդավառի տօնին օրը, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի կատարէ Բարեշնորհ Խաչիկ Սրկ.
buy dapoxetine online myhst.com/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/dapoxetine.html no prescription
Շաննագեանի քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը, խարտաւիլակութեամբ առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանի եւ առընթեռակայութեամբ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանի ու եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն։ Արարողութեան ներկայ պիտի ըլլայ եւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, որ հիւրաբար մեր Թեմը կը գտնուի։
Շաբաթ, 22 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, տեղի պիտի ունենայ քահանայական կոչման արարողութիւնը։
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեանց, հաղորդակից ըլլալու տօնին խորհուրդին, լսելու Առաջնորդ Սրբազանին պատգամն ու ստանալու նորաօծ Քահանայ Հօր անդրանիկ օրհնութիւնը։