Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմիս Կրօնական ժողովին, Ս. Ստեփանոս նախավկայ եւ նախասարկաւագի տօնին առիթով, Շաբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սարկաւագաց միօրեայ համագումար մը։
Հաւաքը սկիզբ առաւ ժամերգութեամբ, մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն եւ աւելի քան 45 սարկաւագներու։ Ժամերգութեան աւարտին, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան բացման խօսք արտասանեց եւ մաղթեց շինիչ համագումար մը։
Առաջին դասախօսութիւնը ներկայացուց Կրօնական Ժողովի ատենադպիր Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, նիւթ ունենալով «Սարկաւագը՝ Սպասաւոր»։ Ան սպառիչ կերպով ներկայացուց պատմութեան ընթացքին սարկաւագներու ծառայական գործունէութիւնները եւ նկատողութիւններ արձանագրեց, թէ ներկայիս սարկաւագները ինչպէս պէտք է շարունակեն իրենց առաքելութիւնը՝ խոնարհութեամբ եւ համեստութեամբ։
Երկրորդ դասախօսութիւնը ներկայացուց Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, նիւթ ունենալով՝ «Սարկաւագը եւ Խորանը»։ Հայր Սուրբը խօսեցաւ սրբազան արարողութիւններու եւ յատկապէս Ս. Պատարագի ընթացքին սարկաւագին դերին կարեւորութեան մասին։ Ան խորանի երգեցողութիւնը միաձայն կատարելու գործնական ուսուցումներ կատարեց։
Այնուհետեւ, փակման եւ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ան, առաջին հերթին գնահատեց մեր եկեղեցիներուն ծառայող բոլոր սարկաւագները եւ յորդորեց, որ անոնք լեցուին Ս. Ստեփանոս նախավկայի առաքինութիւններով, խոնարհութեամբ ու նուիրումով կատարեն իրենց առաքելութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ ամանորի եւ Ս. Ծննդեան մօտալուտ տօներուն առիթով բարեմաղթութիւններ ուղղեց համագումարին մասնակիցներուն։
Համագումարը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ։
Մասնակիցները իբրեւ նուէր ստացան Ազգ. Առաջնորդարանի նոր հրատարակութիւններէն՝ «Արարողութիւն Սրբոյ Պատարագի» եւ «Աստուծոյ Խօսքը» գրքոյկները։
Ապա, ներկաները ունեցան սիրոյ ճաշի մտերմիկ պահ մը։