Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայքըլ Անթոնովիչի նախաձեռնութեամբ եւ «iwitness» խմբակցութեան գործակցութեամբ, Շաբաթ, 17 Սեպտեմբեր 2016ի յետմիջօրէին, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի «Կրէնտ Փարք» հանրային պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ օրհնութիւնը եւ բացումը Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին: Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, արարողութեան մասնակցեցան Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան:
Յուշարձանը գործն է քանդակագործ Վահագն Թովմասեանի. քարը բերուած է Հայաստանէն: Երկու մասով կերտուած քանդակը կը խորհրդանշէ հայութեան մարմինին մէջ Ցեղասպանութեան հետեւանքով յառաջացած ճեղքը: Անիկա ունի անհարթ բաժին մը, որ կը խորհրդանշէ հայութեան պայքարի ուղին, իսկ ողորկ բաժինը՝ հայութեան վերապրումն ու վերականգնումը:
Յայտագիրը սկսաւ «Լարք»ի արուեստագէտներուն կողմէ երաժշտական մատուցումով մը: Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Ռիթա Հաճիմանուկեան եւ Մայքըլ Անթոնովիչ: Գլխաւոր բանախօսն էր Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի հայկական բաժանմունքի վարիչ Սալբի Ղազարեան:
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ յուշարձանին քողազերծումը, մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու, Մայքըլ Անթոնովիչի, «iwitness» խմբակցութեան եւ Հայաստանի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչներուն: