Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի թելեթոնի նախօրեակին, Չորեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Արցախի պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի եւ փոխ-վարչապետ Զօր. Արթիւր Աղաբկեանի: Արցախէն ժամանած հիւրերուն կ’ընկերանային Ուաշինկթընի մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Տիար Ռոպէր Աւետիսեան եւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանի խորհրդական Տիար Ռազմիկ Ստեփանեան: Ներկայ էին Թեմիս Կրօնական ժողովի, Ազգային Վարչութեան եւ Տիկնանց Մարմնի անդամներ։
Պաշտօնական հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ: Առաջնորդ Սրբազանը Ազգ. Առաջնորդարանի ընտանիքին անունով ողջունեց հայրենի հիւրերն ու պաշտօնական ներկայացուցիչները, որոնք Գոհաբանութեան տօնի նախօրեակին, դարձեալ «Ազգի Տան» մէջ կը գտնուին Թելեթոնին առիթով. ան նշեց, որ այս տարուան թելեթոնը յատուկ նշանակութին ունի, կը կրէ «Իմ Արցախ» խորագիրը, տեղի կ’ունենայ Ապրիլան Դէպքերուն հետեւանքով ստեղծուած մթնոլորտին մէջ, ու վստահութիւն յայտնեց, որ Արցախով շնչող հայորդիները իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ պիտի մասնակցին դրամահաւաքին: Ան առողջութիւն մաղթեց Պարգեւ Սրբազանին, որպէսզի «Ղեւոնդ Երէցեան ոգիով շարունակէ առաջնորդել Արցախի ժողովուրդը», նաեւ ըսաւ, որ հիացմունքով կը հետեւի Արցախի կառավարութեան ներկայացուցիչ Տիար Արթիւր Աղաբէկեանի ու անոր գործակիցներուն գործունէութեան՝ ի խնդիր Արցախի պաշտպանութեան ու ապահովութեան պահպանման:
Արցախի Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն արտայայտեց, որ դարձեալ կը գտնուի ազգային այս օճախի յարկին տակ, խօսեցաւ թելեթոնին նպատակներուն մասին, շեշտելով, որ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի բերած նպաստը կենսական նշանակութիւն ունի Արցախի ժողովուրդին ու բանակին համար, տրուած ըլլալով, որ Արցախը առհասարակ զրկուած է պետական կամ այլ արտաքին-միջազգային օժանդակութիւններէ: Ան նկատել տուաւ, որ անցեալ տարիներու հանգանակութեանց շնորհիւ, կարելի եղած է հարիւրաւոր ծրագիրներ իրականացնել Արցախի մէջ, իսկ Վարդենիս-Մարդակերտ մայրուղիին բացումը շատ կարեւոր դեր ունեցաւ ինքնապաշտպանութեան եւ ճակատային շրջաններու օգնութիւն հասցնելու գործին մէջ: Խօսելով Ապրիլեան դէպքերուն հետեւանքներուն մասին, Պարգեւ Սրբազան յայտնեց, որ սահմանային Թալիշ ու Մատաղիս գիւղերու բնակիչները հարկադրաբար տեղափոխուած են աւելի ապահով վայրեր, որպէսզի զոհ չերթան թշնամիի յարձակումներուն: Այժմ, հիմնական նպատակ է Արցախի ապահովութեան ու բնակչութեան խաղաղութեան պահպանումը, «սակայն իրազեկ ենք, որ պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք թշնամիի յարձակումներուն դէմ դնելու եւ կանխարգիլելու մեծաթիւ զոհերը»:
Տիար Արթիւր Աղաբէկեան նշեց, որ անցեալ տասնամեակներուն, արցախցիք երբեք իրենց միտքէն չէին անցուցած, որ պիտի գայ օր՝ երբ համայն հայութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն պիտի յայտարարէ՝ «Մենք արցախցի ենք»: Ան յիշեցուց, որ Արցախի կառավարութիւնը յանձն առած է բնակչութեան անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը, եւ վստահաբար աշխարհացրիւ հայութիւնը համապատասխան արձագանգ պիտի հանդիսանայ թելեթոնին ճամբով: Փոխ վարչապետը նկատել տուաւ, որ նախընթաց տարիներուն, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի աշխատանքները ինքնուրոյն ընթացք ունէին, սակայն վերջին տարիներուն, Արցախի կառավարութիւնը սերտօրէն կը գործակցի Հիմնադրամին հետ: Ան անդրադարձաւ կառավարութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, շեշտելով, որ ապրիլեան դէպքերը նոր դժուարութիւններ բարդած են իշխանութիւններուն ուսերուն, կան սահմանապահներու ընտանիքներուն ապահովումը, տեղափոխուածներու ապրուստի միջոցներու ստեղծումը, ու անոնց կողքին՝ պետութեան ամրաշինումը: Այս բոլորին լոյսին տակ, ան յոյս յայտնեց, որ Առաջնորդ Սրբազաններուն եւ հայկական միաւորներու կոչերը լայն արձագանգ գտնեն Թելեթոնին օրը եւ իւրաքանչիւր հայ, ուր որ ալ գտնուի, փոքր կամ մեծ գումարներով մասնակցութիւն բերէ հանգանակութեան: «Մեր թշնամիները մեծ հետաքրքութեամբ կը հետեւին թելեթոնին. նոյնը կ’ընեն բարեկամ երկիրներ, իւրաքանչիւրը իր մօտեցումով», ըսաւ Տիար Աղաբէկեան, յոյս յայտնելով, որ միջազգային հասարակութիւնը նպաստէ խաղաղութեան ու Արցախի անսակարկելի իրաւուnքներուն կենսագործման, հեռու կանգնելով այլ հաշիւներէ:
Խօսքի աւարտին, Տիար Աղաբէկեան Արցախի կառավարութեան անունով, հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի մետալը եւ Գանձասարի յուշանուէրը յանձնեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ իր կարգին յուշանուէրներ յանձնեց հիւրերուն:
Պաշտօնական հանդիպումէն ետք, ի պատիւ պատուարժան հիւրերուն, տեղի ունեցաւ ճաշի մտերմիկ ընդունելութիւն մը: Արտայայտուեցան սրտի խօսքեր, որուն ընդմէջէն, յատկապէս հիւրընկալները վերահաստատեցին Ազգ. Առաջնորդարանիս ու առհասարակ հայութեան սրտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը՝ Արցախին: