Սարկաւագաց Ձեռնադրութիւն Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 5 Յունիս 2022-ի առաւօտեան, Հոգեգալուստի տօնին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Ս. եւ անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին սարկաւագ ձեռնադրեց հինգ ուրարակիրներ՝ Յակոբ Տէմիրճեան, Նարեկ Խաչատուրեան, Աւօ Փաթաթեան, Յարութ Իննէճեան եւ Կարապետ Մարգարեան, որոնք եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի կողմէ պատրաստուած էին այս կարգին համար:
Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Տ.Տ. Եփրեմ եւ Մուշեղ Արքեպիսկոպոսներ, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:

Իր արտասանած պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց հինգ երիտասարդ նուիրեալները, որոնք գիտակից իրենց հաւատարմութեան՝ հանդէպ Մայր Եկեղեցւոյ, եւ ի տղայ տիոց աճած ըլլալով եկեղեցւոյ մէջ, կը բարձրանային ծառայական կարեւոր՝ սարկաւագական աստիճանին:

Խօսելով Հոգեգալուստի տօնին մասին, Թորգոմ Եպիսկոպոս հրաւիրեց ներկաները Հոգւոյն Սրբոյ կրակով ջերմանալ եւ միշտ անդրադառնալ, առաքելական յորդորին համաձայն, որ մենք լոկ միս ու ոսկոր չենք, այլ տաճարներն ենք Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին:

Յայտնենք նաեւ, որ արարողութեան ընթացքին Կերի Պէրպէրեան ստացաւ ուրար կրելու իրաւունք:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022