Ինչպէս հաղորդած էինք, Շաբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մայրը՝ Տիրամայր Լուսին Քէշիշեան։
Նոյն օրը, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ու Ազգ. Վարչութեան ատենապետը յանուն մեր Թեմին մէջ ծառայող միաբան հայրերուն, Հոգեւոր դասուն, Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան հեռախօսային կապով ցաւակցութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին, ընտանեկան պարագաներուն ու հարազատներուն։ Իսկ իր ցաւակցական նամակին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց. «Տիրամայրը իր ողջ կեանքը ապրեցաւ իր ընտանիքը վերածելով սրբութեան խորանի։ Ան իր նկարագրի բարեմասնութիւններով Տիրոջմով ապրեցաւ եւ եղաւ տիպար մայր մը։ Ան ֆիզիքապէս կը բաժնուի մեզմէ, սակայն իր կեանքը կը դառնայ կենդանի ու մնայուն յուշ-վկայարան»։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 18 Սեպտեմբերին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին, Խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին ներկայացուցիչներուն, հոգեւոր պետերու ու ներկայացուցիչներու, միաբանութեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն, ընտանիքի անդամներուն եւ ստուար թիւով հաւատացեալներու։
Իր դամբանականին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան վեր առաւ հանգուցեալին ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, յատկապէս մեր կեանքի դժուար պայմաններուն մէջ։
Թաղման կարգէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ցաւակցութիւններ ընդունեց։
Նոյն առաւօտեան, Կրօնական ժողովի հերթական նիստէն առաջ, Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, հոգեհանգստեան աղօթք կատարուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ։