Անթիլիասի Մայրավանք Վերադարձի Առիթով` Ս. Պատարագ Եւ Մեծարանքի Ճաշկերոյթ Ի Պատիւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի

Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր 2019-ին, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին եւ նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Միութեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ Պատարագ եւ ապա «Խաչատուրեան» Հայ Կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծարանքի Ճաշկերոյթ մը ի պատիւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի։

Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ս. Պատարագի արարողութեան եւ Մեծարանքի հանդիսութեան նախագահեց՝ Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան: Ս. Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, որ ի մօտոյ աւարտելով պաշտօնավարութեան շրջանը, պիտի վերադառնայ Անթիլիասի Մայրավանք։ Յընթացս Ս. Պատարագի, ներկայ հոգեւորականները, նախագահութեամբ Թորգոմ Սրբազանին, բարձրացան Ս. Խորան եւ կատարեցին Հանրապետական Մաղթանքի արարողութիւնը։

Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդական Փոխանորդ Սրբազանը ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր Օրհնութեան եւ Գնահատանքի Գիրը ուղղուած Հայր Պարոյրին, ապա Առաջնորդ Սրբազան Հօր ուղարկած լանջախաչով զարդարեց Հայր Պարոյրի վիզը։

Կէսօրէ ետք, բազմաթիւ ծխականներ եւ հիւրեր, խուռներամ հաւաքուեցան «Խաչատուրեան» Հայ Կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, միասնաբար ըստ արժանւոյն բարի երթ մաղթելու Հայր Պարոյրին։ Ճաշկերոյթի ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական գողտրիկ յայտագիր մը, ինչպէս նաեւ ցուցադրուեցաւ տեսաներիզ մը, որ կը բովանդակէր Հայր Պարոյրի Հովուական ծառայութեան երեք ու կէս տարիներէն քաղուած յատկանշական պատկերներ։

Յաջորդաբար խօսք արտասանեցին Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Տիար Կարպիս Պէզճեան, Սան Ֆրանսիսքոյի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սալվադորէ Արք. Գորտիլէոնէ, Ծովածոցի Հայ Հոգեւոր Հովիւներու անունով՝ Արժ. Տ. Յովել Քհնյ. Օհանեան, «Կիլիկեան Ռազմիկներ» երտասարդաց խումբի անդամներէն՝ Լոռի Տէր-Խաչատուրեան եւ Հրակ Պարտիզպանեան։ Իսկ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան իւրայատուկ եւ սրտառուչ խօսքերով յիշեց Հայր Պարոյրին շնորհիւ ձեռք բերուած բոլոր այն իրագործումները, որոնք նպաստեցին Եկեղեցւոյս պայծառացման։ Ան գաղութի բոլոր անդամներուն անունով իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայր Պարոյրին՝ անոր հովուական երեք ու կէս տարուան անսակարկ ծառայութեան ու նուիրուածութեան համար։

Յայտագրի վերջընթեր հատուածին իր սրտի խօսքը փոխանցելով, Հայր Պարոյրը շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր, եկեղեցւոյս Հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի Տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, սարկաւագաց եւ դպրաց դասուն, եկեղեցւոյ գրասենեակի անձնակազմին, շրջանիս մէջ գործող քոյր միութիւններուն, ծխական համայնքի անդամներուն եւ բոլոր ներկաներուն։ Ան դիտել տուաւ, որ ինք հովուական կեանքի ծառայութեան մէջ անփորձ էր եւ այս ծխական համայնքը իրեն սորվեցուց Հոգեւոր Հովիւ ըլլալ։ Վստահեցուց թէ այս ծխական համայնքը իր յիշողութեան մէջ անջնջելի հետք մը թողուց, զոր իրեն հետ պիտի տանի մինչեւ իր կեանքին վերջը։

Հանդիսութեան աւարտին, Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան իր խօսքին մէջ նշեց թէ Ս. Աթոռոյս գահակալը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի հոգեւորականներուն պատրաստութեան եւ անոնց Դպրեվանքեան տարիներէն սկսեալ, հայրական հոգածութեամբ կը խնամէ զանոնք։ «Հայր Պարոյրը Արեւմտեան Թեմ եկաւ որպէս Անթիլիասական վարդապետ, ծառայեց Անթիլիասականի նուիրուածութեամբ, եւ տուն՝ Անթիլիաս կը վերադառնայ Անթիլիասական հոգեւորականի վայելչութեամբ եւ արդար պարծանքով», ընդգծեց Սրբազան Հայրը։

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Հայր Պարոյրին «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։

Իսկ 20 Սեպտեմբեր 2019-ին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան Մայրավանքի վերադարձի առիթով Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցուեց հանդիսապետութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Ներկայ էին Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգային Վարչութեան Ատենապետն ու անդամներ, ինչպէս նաեւ գաղութի հաւատացեալներ։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մեծարանքի ճաշկերոյթ։ Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր (Ֆրեզնոյի հանդիսութեան մանրամասնութիւնները յաջորդիւ)։

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022