Հինգշաբթի, 15 Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ Արարատ Տան մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ Պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ՝ հոգեւորականաց դասուն։
Արարողութիւնը սկիզբ առաւ հիւանդանոցի բաժնին մէջ Ս. Աստուածածնին նուիրուած շարականներու երգեցողութեամբ։ Ներկայ էին «Արարատ Տան» Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Յովսէփ Կանիմեան եւ անդամներ, հաստատութեան գլխաւոր պատասխանատու՝ Տիար Տէրիք Ղուկասեան, հիւանդանոցի բաժնի վարիչ՝ Տիկին Մարկարիթա Քէշիշեան, պաշտօնէութեան անդամներ եւ բնակիչներ։ Յանուն «Արարատ Տան» Հոգաբարձութեան, Տիար Կանիմեան ողջոյնի խօսք ուղղեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հոգեւորականաց դասուն, որոնք շարունակ կ’այցելեն մեր մեծ հայրերուն ու մայրերուն, յատուկ ուշադրութիւն կը տածեն եւ իրենց սրտաբուխ աղօթքներով անոնց հոգեւոր պապակը կը գոհացնեն։
Առաջնորդ Սրբազանը ողջունելով ներկաները՝ իր գոհունակութիւնը յայտնեց «Արարատ Տան» ընտանիքին մէջ գտնուելուն, ուր Աստուծոյ ներկայութիւնը ակներեւ է՝ սիրոյ եւ խաղաղութեան մթնոլորտով տոգորուած։ Ան ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր այցելութեան ընթացքին մեր հոգեւոր հայրերը աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած՝ բնակիչներուն առողջութիւն հայցելով, Տիրոջ օրհնութիւնն ու Ս. Աստուածածնի բարեխօսութիւնը աղերսելով։ Ապա, գնահատանքի խօսք ուղղեց Տիար Կանիմեանին ու Հոգաբարձութեան ջերմ ընդունելութեան համար, իր օրհնութիւնները փոխանցեց եւ դրուատեց անոնց աստուածահաճոյ ծառայութիւնը։
Խօսելով Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած էր Քրիստոսի մայրը դառնալու՝ իր սրբակենեցաղ բարեպաշտութեան, հաւատարմութեան եւ հնազանդութեան համար։ Ապա, ան հրաւիրեց ներկաները Ս. Կոյս Մարիամի օրինակով ընթանալու, Տիրոջ կամքը գործադրելու եւ իրենց կեանքի բոլոր հանգրուաններուն զԱստուած փառաւորելու։
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք։
Ապա, մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ Պատարագ։ Պատարագիչն ու օրուան քարոզիչն էր Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։ Ան իր քարոզին մէջ խօսեցաւ Ս. Աստուածածնի առաքինութեանց մասին եւ ընդգծեց Տիրամօր խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, սրբութիւնը եւ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւնը։
Ս. Պատարագի աւարտին, կատարուեցաւ խաղողօրհնէք։
Զոյգ արարողութիւններու աւարտին ներկաները Ս. Հաղորդութիւն ստացան, որմէ ետք երգուեցաւ «Կիլիկիա»ն։ Ապա, տնօրէնութիւնը հոգեւորականաց դասը ճաշով մը պատուեց։