Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ »ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ« ՄԷՋ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Հինգշաբթի, Օգոստոս 9-ին, կ.ա. ժամը 10։00-ին, Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր հովիւներուն, խաղողօրհնէքի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Mission Hills-ի »Արարատ Տան« հիւանդանոցի բաժինին մէջ, որպէսզի ֆիզիքապէս տկարներ, առիթը ունենային մասնակցելու Խաղողօրհնէքի արարողութեան ապա ստանային Ս. Հաղորդութիւն։ Արարողութեան աւարտին Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ հաստատութեան մատրան մէջ։

Ս. Պատարագը մատուցանեց եւ քարոզեց Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան։

Ս. Պատարագի աւարտին, հանդիսապետութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին եւ մասնակցութեամբ Հոգեւոր Հովիւներուն, մատրան մէջ, տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսք ուղղեց »Արարատ Տան« հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ բնակիչներուն։

Ապա Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը հաստատութեան ճաշի հիւրերը եղան եւ մտերմիկ պահ մը բոլորեցին անձնակազմին եւ պատսպարեալներուն հետ։

ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ՝ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ADVENTIST ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ

Շուրջ 20 տարի է որ Կլենտէյլի Adventist հիւանդանոցին մէջ, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, խաղողօրհնէք կը կատարուի։

Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Չորեքշաբթի, Օգոստոս 8-ին, առաւօտեան ժամը 9։45-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն ու սարկաւագները այցելեցին Կլենտէյլի Adventist հիւանդանոցը, մատրան մէջ կարդացին բժշկութեան աղօթք եւ կատարեցին խաղողօրհնէքի արարողութիւն։ Արարողութեան ներկայ եղան հիւանդանոցի պատասխանատուներ, պաշտօնեաներ եւ հիւանդներ։

Բացման աղօթք արտասանեց Chaplain Elias Molina։ Սրտի խօսք արտասանեցին հիւանդանոցի պատասխանատուներէն Տիար Դրօ Աբրահամեանն ու Տոքթ. Արբի Նահապետեան։ Արարողութեան աւարտին՝ բաժնուեցաւ օրհնուած խաղողը։

Արարողութենէն ետք, քահանայ հայրերը այցելեցին հիւանդանոցի հայ հիւանդներուն, աղօթեցին անոնց առողջութեան համար եւ օրհնուած խաղող բաժնեցին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022