Կիրակի, 18 Օգոստոս 2019-ին, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին առիթով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի եւ խաղողօրհնէք պիտի կատարուի։
Ս. Աստուածածնի տօնին եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրուան առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ մատաղօրհնէք ու խաղողօրհնէք պիտի կատարէ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, սրբապատկերի օծում եւ խաղողօրհնէք պիտի կատարէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից ըլլալու արարողութեանց, խնդրելով բարեխօսութիւնը Ս. Աստուածածնի եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով: