Ինչպէս ծանօթ է, 2018-ը յոբելենական տարի է Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմտեան մեր Թեմին մէջ. արդարեւ, 60 տարի առաջ, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ հիմնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի հովանին վայելող Թեմը, իսկ 45 տարի առաջ, օրուան իրողական պայմաններուն բերումով, Արեւմտեան մեր Թեմը հիմնուեցաւ իբրեւ առանձին շրջան, միշտ պահպանելով Ս. Աթոռոյս հովանին ու ամերիկեան միւս Թեմերուն հետ սերտ գործակցութիւնը։
Զոյգ յոբելեաններուն առիթով, յառաջիկայ Դեկտեմբերին, մեր Թեմին մէջ նախատեսուած են յատուկ տօնակատարութիւններ, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Թեմիս Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան։
Հինգշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2018, երեկոյեան ժամը 7-ին, Կլենտէյլի Երիցական Եկեղեցւոյ սրահին մէջ (Glendale Presbyterian Church – 125 S. Louise St.) տեղի պիտի ունենայ համերգ-հանդիսութիւն մը։ Համերգին իբրեւ մեներգիչ հրաւիրուած է հանրածանօթ թենոր Գէորգ Հաճեան. մասնակցութիւն պիտի բերէ Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի երգչախումբը, որուն մաս կը կազմեն նաեւ Թեմիս եկեղեցիներու դպրաց դասերու անդամներ։ Մուտքը ազատ է, սակայն տոմսով։
Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Պիտի պատարագէ ու օրուան յատուկ պատգամը պիտի փոխանցէ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը։
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը մասնակից ըլլալու տօնական մթնոլորտին եւ հաղորդակից ըլլալու անցեալ տասնամեակներու իրագործումներուն։