Կանաչ Կիրակիին՝ Ս. Պատարագ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 26 Ապրիլ 2020-ը Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող երկրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Կանաչ Կիրակի կամ Աշխարհամատրան Կիրակի։

Առաւօտեան ժամը 11-ին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցանուի Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականներու։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։

Արարողութիւնը ուղղակի պիտի սփռուի Ազգ. Առաջնորդարանի Դիմատետրի պաշտօնական էջէն.- www.facebook.com/WesternPrelacy/

Գոհունակութեամբ կþուզենք յայտնել, թէ տագնապալի այս օրերուն, մեր հաւատացեալներու հոգեկան անդորրութիւն պարգեւելու նախանձախնդրութենէն մեկնելով, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցանուած Ս. Պատարագի աւարտին, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի եւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուին, որոնք պիտի սփռուին առցանց, տեղւոյն եկեղեցիներու Դիմատետրերու էջերէն։

Առ այս, կը թելադրենք, որ այն հաւատացեալները որոնք «Տէր Ողորմեա» կամ հոգեհանգիստ կը խնդրեն, իրենց ննջեցեալներու անունները նախօրօք փոխանցեն եկեղեցւոյ գրասենեակ կամ հովիւին, հեռաձայնով կամ ընկերային ցանցի միջոցաւ։

Անգամ մը եւս կը յիշեցնենք, որ այս արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան առանց հաւատացեալներու ներկայութեան։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022