Ս. Պատարագ եւ Հոգեւորականաց Համագումար Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից եւ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց Տօներուն Առիթով

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին 26 եւ 28 Փետրուար 2019-ին յաջորդաբար պիտի նշէ մեր եկեղեցական ու ազգային պատմութեան ամէնէն նուիրական ու յիշատակելի տօներէն՝ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից եւ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօները։

Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, Երեքշաբթի, 26 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն։ Պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ Ապա, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, տեղի պիտի ունենայ տօնին նուիրուած հոգեւորականաց միօրեայ համագումարը։

Իսկ Հինգշաբթի 28 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Ս. Վարդանանց տօնին առիթով, Ս.
buy flexeril online https://www.parkviewortho.com/wp-content/languages/new/over/flexeril.html no prescription

Պատարագ պիտի մատուցուի Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն։ Պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան։

Եկեղեցական արարողութիւններու աւարտին, պիտի երգուին Ս. Վարդանանց տօնին նուիրուած հայրենասիրական երգեր։

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու զոյգ տօներու արարողութեանց, հաղորդակից ըլլալու Աւարայրի ճակատամարտէն մեզի հասած անժամանցելի պատգամներուն եւ վերանորոգելու Ս. Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց նահատակութեամբ ամրագրուած ուխտը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022