ՀԱՅԸ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ԲՆԱՋՆՋՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ, ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը Երեքշաբթի, 24 Ապրիլին, իր ձայնն ու գործքը միացուց համայն աշխարհի հայութեան, յայտարարելու, որ չէ մոռցած Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր 1.5 միլիոն նահատակները, Թուրքիոյ պետութեան կողմէ անհատոյց մնացող դարաւոր ոճիրն ու անոր բազում հետեւանքները, եւ վճռած է իր պայքարը շարունակելու, մինչեւ արդարութեան հաստատումը, մինչեւ Ցեղասպանութեան ճանաչում ու մեր բոլոր պահանջներուն արդար հատուցում։

Ցեղասպանութեան 97րդ տարեդարձը նշուեցաւ եկեղեցական արարողութիւններով, հրապարակային ձեռնարկներով ու հանդիսութիւններով։

Համաձայն տարիներու աւանդութեան, Երեքշաբթի, 24 Ապրիլի առաւօտուն մատուցուեցաւ միացեալ Ս. Պատարագ եւ կատարւոեցաւհոգեհանգիստ։ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, օրուան պատգամը փոխանցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Արարողութեան մասնակցութիւն բերին Հայ Աւետ. եւ Հայ Կաթողիկէ յարանուանութեանց հոգեւոր հովիւներ՝ Վեր. Յովսէփ Մաթոսեան եւ Հոգշ. Տ. Գրիգոր Վրդ. Շահինեան, ինչպէս նաեւ հոգեւորականաց դասու անդամներ։ Արարողութեան ներկայ եղան կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներ, Ազգային Վարչութեան անդամներ ու մեծ թիւով հաւատացեալ ուխտապահներ։ Սրտի խօսք արտասանեց Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Հայ Աւետ. Վեր. Յովսէփ Մաթոսեան եւ Հայ Հոգ. Տ. Գրիգոր Վրդ. Շահինեան, վեր առնելով յիշատակը մեր բիւրաւոր նահատակներուն։

»ՄԵՆՔ ՉՊԱՐՏՈՒԵՑԱՆՔ«

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը յայտարարեց, որ Ցեղասպանութեան 97րդ տարեդարձի նշումը առիթ է խոնարհելու մեր 1.5 միլիոն նահատակներու յիշատակին առջեւ, նաեւ վերահաստատելու մեր ուխտը, որ »պիտի շարունակենք մեր պահանջատիրական աննահանջ պայքարը՝ ի խնդիր պատմական դառն ճշմարտութեանց ու մեր իրաւունքներուն ճանաչումին, ի խնդիր արդարութեան, ի խնդիր փոխ-հատուցման«։

Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ երկու շաբաթ առաջ, տօնեցինք Ս. Յարութեան տօնը, որ տօնն է մահուան վրայ Քրիստոսի յաղթանակին ու յաւիտենական կեանքի խոստումին։ Խօսելով մեր պատմութեան դառն էջերուն մասին, ան ըսաւ. »Շատեր փորձեցին մեզ ջարդել, բնաջնջել ու դուրս նետել պատմութեան էջերէն, սակայն մեր հաւատքը մեզի տուաւ ինքնապաշտպանութեան վահան, (…) մահը չյաջողեցաւ մեզ ընկճել, չկրցաւ մեզ պարտութեան մատնել«։ Ան այս առիթով վերահաստատեց աննահանջ պայքարի ու իրաւատիրութեան մեր կեցուածքը (Առաջնորդ Սրբազանին խօսքը կու տանք առանձին)։

Ս. Պատարագէն ետք, հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնած նահատակաց յուշակոթող-խաչքարին առջեւ։ Արարողութիւնը վերջ գտաւ »Մեր Հայրենիք«ով։

ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ

Նոյն օրը, յետմիջօրէի ժամը 1։30ին, շրջանիս հայութիւնը համախմբուեցաւ Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ, հոգեհանգստեան արարողութեամբ ու քաղաքական հաւաքով վերանորոգելու ուխտը։

Հաւաքին ներկայ եղան հայկական երեք յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդները, հոգեւորականաց դասու անդամներ, պետական ու քաղաքապետութեանց ներկայացուցիչներ, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ ու հազարաւոր հայորդիներ։ Հաւաքը կազմակերպուած էր Ցեղասպանութեան յիշատակման գաղութիս միացեալ մարմինին կողմէ, որ կը համախմբէ 35 միաւորներ։ Իբրեւ գլխաւոր բանախօս հրաւիրուած էր ցեղասպանական հարցերու մասնագէտ եւ արդարութեան դրօշակիր Իսրայէլ Չառնի։

Քաղաքական հաւաքի աւարտին, Յուշարձանին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։

Նշենք նաեւ, որ Ցեղասպանութեան յիշատակումի բազմաթիւ այլ ձեռնարկներ ու յուշահանդէսներ տեղի ունեցան նախաձեռնութեամբ Հայաստանի հիւպատոսարանին, շրջանիս քաղաքապետութիւններու, Միացեալ Հայ Երիտասարդներու խմբակցութեան եւ այլ միաւորներու։ Առաջնորդ Սրբազանը անձամբ կամ ներկայացուցիչներով մասնակից եղաւ այդ ձեռնարկներուն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022