ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՄԲ, ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՎ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԱԾ ԾԱՌԱՅԵՆՔ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ, ԱԶԳԻՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ
– ՊԱՏԳԱՄԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ
Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 13 Յունուար 2013ին, եկեղեցւոյ մէջ Սուրμ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Թեմիս μարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ սարկաւագներն ու դպիրները։
Սրμազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի նկարագրային գիծերուն ու առաքելութեան մասին։ Ան ըսաւ, որ սուրμերը, իրենց մաքուր կենցաղով, ուսուցումով եւ նահատակութեամμ սուրμ կը կոչուին. Յովհաննէս Մկրտիչ իր կեանքի ընթացքին եղաւ սուրμ, որովհետեւ մաքրամաքուր ճգնաւոր մը եղաւ, ուսուցանող ուսուցիչ, ի գին նահատակութեան՝ արդարութիւնը պաշտպանեց։ Ան ջուրով մկրտեց եւ ժողովուրդին թելադրեց արդարութեամμ ապրիլ։ Ան խիզախ եւ արդար անձ մըն էր, որ յանդիմանեց Հերովդէս թագաւորը, նշելով, որ օրէնքի սահմաններուն մէջ արտօնուած μանը չի նշանակեր, որ μարոյական սկզμունքներով ընդունելի է, եւ իր յանդուգն արդարամտութեան պատճառով գլխատուեցաւ։
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք, եւ μաժնուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Հաւատացեալներ իրենց տուները վերադարձան հոգեւոր ապրումներով լիցքաւորուած։
ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ՃԱՇ
Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, նախագահութեամμ Սրμազան Հօր, ներկայութեամμ Հոգեւոր Հովիւին, շրջանի Հ.Յ.Դ.ի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի, եկեղեցւոյ հոգաμարձական եւ երեսփոխանական կազմերուն, Տիկնանց Միութեան, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հ.Օ.Մ.ի, Տարօն Տուրμերանի, Րաֆֆի Ռումանահայ Մշակութային Միութեան, Սահակեան վարժարանի Սանուց Միութեան ներկայացուցիչներուն, Կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն, Մերտինեան Վարժարանի ներկայացուցիչներուն, սարկաւագաց ու դպրաց դասի անդամներուն, եկեղեցւոյ μարերարներուն եւ μարեկամներուն, եւ հաւատացեալ μազմութեան։
Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ, μարի գալուստի խօսք արտասանեց Հոգեւոր Հովիւը՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։ Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Առաջնորդ Սրμազան Հայրը։ Տարիներու μարի աւանդութիւն է, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նուիրուած այս հանդիսութեան առիթով, Հովիւն ու հոգաμարձութիւնը պատուեն վաստակաշատ ու անձնազոհ ծառայողներ։ Այս տարի յատուկ գնահատանքի արժանացաւ տասնամեակներ շարունակ Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ որպէս Սարկաւագ իր ծառայութիւնը μերած Սեդրակ Աւ. Սրկ. Յովհաննիսեան։ Յատուկ գնահատանքի եւ պատիւի արժանացաւ կրթական հաստատութեններէ ներս 50 տարիներու վաստակ կերտած Տիկ. Աշխէն Իսμէնճեան։
Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը ներկայացուց Տիկ. Աշխէն Իսμէնճեանի հակիրճ կենսագրականը, ստացած ուսումը եւ գնահատեց անոր ունեցած շուրջ 50 տարուան ծառայութիւնը՝ հայ լեզուի ուսուցման ճամμով՝ ազգին ու հայրենիքին, Լիμանանէն սկսեալ մինչեւ Լոս Անճելըս։ Ան գնահատեց նաեւ անոր քուլիսային աջակցութիւնն ու նուիրումը՝ իր ամուսնոյն՝ Աւետիս Իսμէնճեանի, նաեւ՝ գուրգուրալից եւ գորովագութ մայր ըլլալու անոր հանգամանքը հանդէպ իր զաւակներուն՝ Կարոյի եւ Րաֆֆիի, որոնք իրենց ծառայութիւնը կը μերեն Հ.Յ.Դ. կուսակցութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Ապա, Տէր Հայրը հրաւիրեց Տիկ. Աշխէն Իսμէնճեանի աշակերտուհիներէն Մարալ Թուլումեանը, որ իր սրտի փոխանցեց ներկաներուն։
Հանդիսութեան, մատաղի եւ ճաշկերոյթին կային հովանաւորներ, ինչպէս Տէր եւ Տիկ. Վահէ Կարապետեան, Տիկ. Մակի Բլիկեան, Ասլանեան ընտանիք, որոնք իրենց հօրը՝ Գէորգ Ասլանեանի յիշատակին հոգեճաշ մատուցին։ Հանդիսութեան ընթացքին եղան նաեւ սրտաμուխ նուիրատւութիւններ։ Տէր Հայրը յանուն Հոգաμարձութեան շնորհակալութիւն յայտնեց μոլոր հովանաւորներուն եւ նուիրատուներուն։
Ապա, Տէր Հայրը հրաւիրեց հոգաμարձութեան ատենապետ Տիար Տաճատ Երէցեանը, որ հոգաμարձութեան անունով յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց Սեդրակ Աւ. Սրկ. Յովհաննիսեանին ու Տիկ. Աշխէն Իսμէնճեանին։ Իսկ Տիկ. Քրիսթին Ճերեան Խարմանտալեան, ներկայացուցիչը՝ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էրիք Կարսեթիի, գնահատագիր մը յանձնեց Տիկ. Աշխէն Իսμէնճեանին։
Տիկ. Աշխէն Իսμէնճեան խօսք առնելով, ըսաւ. »Երախտապարտ եմ Աստուծոյ եւ շնորհակալութիւն ձեր μոլորին։ Իմ 50ամեայ ծառայութեանս ընթացքին յուսամ կրցայ իմ կարելին ընել դաստիարակելով սերունդներ«։
Պաշտօնական յայտագիրին կողքին, իրագործուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը՝ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի եւ Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտ-աշակերտուհիներու կողմէ։ Կիրակնօրեայ դպրոցէն փոքրիկն Գէորգ Մկրտչեան դհոլի վրայ նուագեց, իսկ Անժելիկա Մարապեան արտասանեց 150-րդ սաղմոսը։ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիներէն խումμ մը ներկայացուց հայկական պարեր։ Տիկ. Անահիտ Ներսէս մեներգեց, դաշնակի ընկերակցութեամμ Յովսէփ Թորոսեանի։
Յայտագրի աւարտին Տէր Հայրը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրμազանը, որ իր հերթին Տիկ. Աշխէն Իսμէնեանին շնորհեց Օրհնութեան Գիր մը, զոր Տէր Հայրը ընթերցեց։ Սրμազան Հայրը, խօսք առնելով, ըսաւ թէ այսօր մեր ուխտը վերանորոգելու օր է, եւ կոչ ուղղեց μոլորին, որ հաւատարմութեամμ, կարգապահութեամμ, խոնարհութեամμ եւ μարոյական սկզμունքներով մեր ծառայութիւնը μերենք Աստուծոյ փառքին, եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ մեր ազգի յաւերժութեան համար։ Ապա՝ յատուկ կերպով գնահատեց Տիկ.
Աշխէն Իսμէնճեանը՝ իր 50ամեայ ծառայութեան համար։ Սրμազան Հայրը ըսաւ. «Աստուծոյ պարգեւած μոլոր շնորհքները առնելով, Տիկ. Աշխէն խոնարհութեամμ եւ հաւատարմութեամμ կրկնապատկեց եւ վերադարձուց ժողովուրդին»։ Սրμազան Հայրը նաեւ գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը հոգաμարձութիւնն ու μոլոր նուիրատուները եւ ներկայ հաւատացեալները, իրենց ծառայութեան եւ նուիրաμերումին համար։
«Պահպանիչ» աղօթքի օրհնութեամμ եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամμ վերջ գտաւ օրուան խանդավառ հանդիսութիւնը։