Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմնի Արեւմտեան Ամերիկայի Գործադիր Մարմնի կազմակերպած առաջին հանգանակային ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 19 Սեպտեմբերին, Կլէնտէյլի Ֆինիշիա ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 100 կազմակերպութիւններու, հիւրերու եւ ղեկավարներու:
Հանդիսավարուհին, Սոնա Մատարեանը որ Գործադիր Մարմնի ատենադպրուհին է, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հայու վերապրելու կամքը բացատրեց յիշելով որ երբ հայկական ցեղասպանութեան բեկորները հասան Սուրիա, վերականգնեցին իրենց կեանքերը:
Ան հրաւիրեց հոգեւորականները որ միասնաբար օրհնեն սեղանները:
Երեկոյին ընթացքին, իւրաքանչիւր եկեղեցապետ խօսք առնելով յորդորեց որ ներկաները իրենց բաժինը բերեն սուրիահայութեան օգնութեան համար:
Հայր Գրիգոր Վրդ. Շահինեան, որ կը ներկայացնէր Կաթողիկէ համայնքը, ըսաւ թէ հաւատքով կեանք ապրելու համար պէտք է մեր սրտերը բաց ըլլան, իսկ երբ մեր սրտերը բաց ըլլան, մեր ձեռքերն ալ պէտք է բաց ըլլան, որպէսզի նեղութեան մէջ եղողներուն հասնինք:
Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ կը ներկայացնէր Էջմիածնական Թեմը, ցաւ արտայայտեց որ սուրիահայութիւնը վտանգուած է ծանր իրավիճակին պատճառով, ողջունեց զօրակցութեան մարմնի ստեղծումը, ինչպէս նաեւ մաղթեց որ ներկաներու մասնակցութեան ոգին փոխանցիկ ըլլայ:
Վեր. Յովսէփ (Ճոզէֆ) Մաթոսեան, որ կը ներկայացնէր Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը, Աստուծոյ փառք տուաւ որ հայ ժողովուրդը տոկունութիւն ունի դիմանալու այս նոր գողգոթային եւս եւ դրուագով մը բացատրեց թէ որդիական քրիստոնէական պարտականութիւն է, եւ ոչ թէ բեռ, հաւատարմաբար մասնակցիլ դրամահաւաքին:
Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ օժանդակութեան մարմնի ստեղծումը ձեռնարկած դերակատարն էր, մէջբերում կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոչէն, որ պարտականութեան գիտակից պէտք է ըլլանք, անվթար ու ապահով պահպանելու համար սուրիահայ գաղութը:
Սրբազանը վերյիշեց սուրիահայութեան հարցի լուծման հանգրուանային հեւքը, երբ առաջին հերթին որոշուած էր օժանդակել սուրիահայ դպրոցներուն եւ գնահատեց Հայ Օգնութեան Միութեան դպրոցներու օգնութեան արդէն իսկ կատարած նուիրական աշխատանքը:
Նոյն ծիրէն ներս, Առաջնորդարան հրաւիրուած էին Բերիոյի թեմի վարժարաններու շրջանաւարտից միութիւնները զիրենք իրավիճակին իրազեկ դարձնելու համար, որոնցմէ շատեր ձեռնարկին ներկայ էին:
Նշելով թէ սուրիահայութիւնը միշտ պատնէշի վրայ մնացած է, Սրբազանը վերյիշեց սուրիահայութեան կարեւոր ներդրումը լիբանանահայութեան վերկանգնումի աշխատանքներուն:
Նկատել տալով թէ սուրիահայ ակունքներէ եկած շատերը այսօրերուն այլ գաղութներէն ներս ազգային ղեկավար դիրքերու վրայ են, Առաջնորդը յորդորեց հաւաքական կերպով պատրաստ ըլլալ սուրիահայութեան հասնելու:
Սրինգի ու տաւիղի դիւթիչ ելեւէջներով »Երկնային Տաղեր«ու Սօսին ու Սալբին հմայեցին ներկաները:
Գործադիր Մարմնի Ատենապետ, Զաւէն Խանճեան, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին որոնք այս ձեռնարկը կարելի դարձուցին իրենց ներկայութեամբ, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ, նուիրաբերելու ու ազգային գիտակցութեան ոգիով, ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան օգնութեան բարձր հրամայականով:
Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչը, վերյիշեց 1976-ի լիբանանահայ գաղութի վերականգնումի աշխատանքներու դրամահաւաքի իր մասնակցութիւնը, ապա ներկայացուց տեղեկութիւններ սուրիահայութեան շտապ օգնութեան մարմիններու աշխատանքներու նկատմամբ:
Ան յայտնեց որ պիտի ընտրէր »Բոլորէն՝ Բոլորին« նշանաբանը իբրեւ մեր բոլորէն, բոլոր սուրիահայութեան օգնութեան հրամայականը՝ նիւթականի, սննդեղէնի, դեղօրայքի, շարժուն առողջապահական կեդրոններու, բժշկական օժանդակութեան, պատսպարանի եւ շտապ օգնութեան կարիքներու:
Ան դիտել տուաւ թէ մեր օժանդակութիւնը վստահութիւն եւ յոյս կը ներշնչէ սուրիահայութեան, խարսխելով, արմատացնելով եւ բարձրացնելով անոնց դիմադրողականութիւնը: Խանճեան իր խօսքը աւարտեց հարցումով մը՝ »Նպաստդ բերա՞ծ ես սուրիահայութեան«:
Մհեր Տէր Օհաննէսեան Գործադիր Մարմնի գանձապահը, գնահատեց բոլոր նուիրատուները եւ ներկայացուց նուիրատուութիւններու ցանկը՝ կազմակերպութիւններու, շրջանաւարտից միութիւններու եւ անհատներու կողմէ:
Ձեռնարկին առիթով, ինչպէս նաեւ նամակատարով ու կայքէջով ստացուած նուիրատուութիւնները հասան 147 հազար տոլարի:
Ձեռնարկը յիշատակելի պիտի ըլլայ իր շատ մը հին յիշատակներ արթնցնելով, ինչպէս նաեւ օժանդակութեան հաւաքական պատասխանատուութեան արտայայտութեամբ:
Մինչ սուրիահայութեան տագնապը կը շարունակուի, նաեւ պիտի շարունակուի սուրիահայութեան օժանդակութեան հանգանակային արշաւը:
***
Ձեր նուիրատուութիւնները կարելի է ղրկել հետեւեալ հասցէով՝ Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948 կամ քրէտիթ քարտի միջոցով համացանցի հասցէով՝ www.SyrianArmenianReliefFund.org:
Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմնի անդամները հետեւեալներն են.-
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ա.Մ.Ն.ի Արեւմտեան Թեմ, Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Ա.Մ.Ն.ի Արեւմտեան Շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն: