Երեքշաբթի, 21 Յունուար 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Երեւանի Պետական Համալսարանի Թուրքագիտութեան ամպիոնի դասատու, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու եւ հայագիտական հետազօտութիւններու Հայ Օսմանեան բաժանմունքի վարիչ Դոկտ. Լուսինէ Սահակեանի, որուն կ’ընկերանար Արարատ Հիմնարկի Վարչութեան անդամ Տիար Ֆրէտ Վարդանեան։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Քնար Գորթոշեան։
Դոկտ. Սահակեան Լոս Անճելըս կը գտնուի իր «Համշէնը Հայկական Ձեռագրերում» փաստագրական հատորի ներկայացման համար, որ տեղի պիտի ունենան երկու ձեռնարկներով, Հինգշաբթի, 23 Յունուարին եւ Ուրբաթ, 24 Յունուարին։
Հանդիպումը առիթ ընծայեց, որ Առաջնորդ Սրբազանը մօտէն ծանօթանայ Դոկտ. Սահակեանին ցարդ տարած հսկայ գործունէութեան, գլխաւորաբար Համշէնի բնակիչներու պատմական անցեալին ու ներկայ իրավիճակին մասին, ինչպէս նաեւ անոր յառաջիկայի ծրագիրներուն, որոնք կը ներառեն նաեւ՝ պատմագրութիւն Ցեղասպանութեան արխիւներէն եւ պատրաստութիւն վաւերագրական շարժապատկերներու։
Առաջնորդ Սրբազանը, գնահատելով Դոկտ. Սահակեանի ծառայութիւնը, նոր կորով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր։
Այցելութեան աւարտին, Դոկտ. Սահակեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրեց իր վերջին գիրքէն օրինակ մը։
Նշենք, որ յանուն Առաջնորդ Սրբազանին, Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան եւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան ներկայ պիտի ըլլան ձեռնարկներուն։