Կիրակի, 1 Ապրիլ 2018-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ս. Յարութեան Հրաշափառ տօնին առիթով, Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ եւ պատարագիչ հոգեւոր հայրերը «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով ողջունեցին հաւատացեալները։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ. Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները՝ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանն ու Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանը, ինչպէս նաեւ սարկաւագաց դասը։
Իր պատգամին սկիզբը, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, որ նորոգեալ հաւատքով ու յաղթական ոգիով դարձեալ առիթը շնորհած է բոլորիս՝ միասնաբար տօնելու Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը եւ զիրար շնորհաւորելու «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» ողջոյնով։ Ան մաղթեց, որ Ս. Յարութեան շունչով վերանորոգուած, մեր հաւատքի յաղթական ուղեւորութիւնը շարունակենք, միշտ ձգտում ունենալով հանդիպիլ յարուցեալ Փրկիչին եւ հրաւիրել զԻնք, որպէսզի իւրաքանչիւրիս հոգիին մէջ բնակութիւն հաստատէ։
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին բնաբան ընտրած էր «Յարեաւ Աստուած եւ ցրուեցան ամենայն թշնամիք նորա, փախեան ատելիք նորա յերեսաց նորա» բառերը։ Ան շեշտեց, որ իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, Յիսուս բազմաթիւ թշնամիներ ունէր ու դաւադիրներ դիմագրաւեց, որոնք կը փորձէին խափանել փրկագործութեան ծրագիրը, սակայն Քրիստոս իր յարութեամբ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել բոլոր այն փորձերը, որոնք կը միտէին մարել իր լոյսը։
Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ օրուան Աւետարանի հատուածին՝ (Մարկ. 16։1-8), նշելով, որ Յիսուսի գերեզմանը այցի գացած իւղաբեր կիները երկիւղի, շփոթի եւ զարմանքի մատնուած էին ի տես թափուր գերեզմանին, սակայն անոնց երկիւղը փարատեցաւ երբ իրենց աչքերով տեսան յարուցեալ Փրկիչը։ «Անոնք վերստին զօրացան իրենց հաւատքին մէջ, յոյսով ու հոգեկան ցնծութեամբ լեցուեցան եւ աշակերտներուն հետ միասին Յարութեան աւետիսը փոխանցեցին աշխարհին եւ ահաւասիկ, դարերէ ի վեր նոյն ցնծութեան, յոյսի ու յաղթանակի աւետիսն է որ կը փոխանցենք իրարու», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը։
Խօսելով Ս. Յարութեան խորհուրդին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ «Ս. Յարութիւնը արդարութեան, ճշմարտութեան, բարիին եւ լոյսին յաղթանակն է մահուան, մեղքին, չարին, կեղծիքին ու խաւարին վրայ, եւ մենք որպէս Քրիստոսի հաւատարիմ ծառաներ, հրաւիրուած ենք վայելելու մեզի ընծայուած պարգեւը՝ վերանորոգումը, որովհետեւ Ս. Յարութիւնը հրաւէր է նոր սկիզբի, վերանորոգ կեանքի ու նոր էութեան»։ Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց ներկաները, «Ս. Յարութեան շունչով յաղթել եսասիրութեան, ատելութեան, հպարտութեան եւ մեղանչական կեանքին եւ զգենուլ սիրոյ, յարգանքի, հանդուրժողութեան առաքինութիւնները»։
Անդրադառնալով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակին, Առաջնորդ Սրբազանը եզրափակեց իր պատգամը կոչ ուղղելով, որ Ս. Յարութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան յաղթական ոգիով տոգորուած շէնցնենք մեր հայրենիքը, հաւաքական կեանքը, օճախներն ու մեր անձերը եւ վերանորոգ հայրենասիրութեամբ, նոր աւիւնով, հաւատքով ու յանձնառութեամբ ծառայենք եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին։
Արարողութեան աւարտին, հաւատացեալները Ս. Հաղորդութիւն ստացան ու Քրիստոսի Ս. Յարութեան խորհուրդով վերանորոգուած մեկնեցան իրենց տուները։