Ս. Յարութեան Տօնը Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Կիրակի, 21 Ապրիլ 2019-ին, Թեմիս հաւատացեալ ժողովուրդը խուռներամ հաւաքուած էր մեր եկեղեցիներուն մէջ, տօնելու համար մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը եւ զիրար ողջունելու «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ Ս. Զատկուան իր պատգամը փոխանցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան՝ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Նախքան քարոզը, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Ս. Աթոռիս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ս. Զատկուան տօնը, մեր եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու պետերը, եւ յատուկ սիրով շնորհաւորեց մեր հայրենի պետութեան բոլոր ղեկավարները, Թեմիս հոգեւոր դասն ու Ազգ. Իշխանութեան բոլոր նուիրեալները, մաղթելով եւ աղօթելով որ Յարութեան լոյսը պայծառացնէ եւ լուսաւորէ մեր բոլորին կեանքն ու առաքելութիւնը, որ մենք մեր կարգին պայծառացնենք ու լուսաւորենք մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքը։ Ան նաեւ ողջունեց ներկայութիւնը Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տիար Վարդան Կարապետեանի, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիանին եւ անդամ Տիար Արա Շապանեանին, եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։

Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին առանցքը դարձուց Ս. Յարութեան վերանորոգումի ու նոր կեանքի պատգամը, շեշտելով, որ բոլոր անոնք, որոնք վկայ եղան Յարուցեալ Քրիստոսին, նոր լոյսով, նոր յոյսով եւ նոր հաւատքով քաջ եւ խիզախ քարոզիչները դարձան Քրիստոսի Յարութեան։ «Մեր Տիրոջ Յարութիւնը նոր մարդոց վերածեց առաքեալները, նոր հաւատքով զսպանակեց իրենց կեանքն ու առաքելութիւնը։ Յարութիւնը մարդկութեան լո՛յս եւ յո՛յս պարգեւեց, եւ այդ լուսաւորութիւնն ու յուսադրութիւնը նորոգութիւն եւ նոր սկիզբ բերաւ մեր կեանքին։ Քրիտոս Իր Յարութեամբ նոր կեանքի խոստումը բերաւ բոլոր մարդկութեան։ Այդ նորոգութիւնը կ՛իրագործուի մեր կեանքին մէջ, երբ ամէն բանէ առաջ եւ վեր կը նկատենք զԱստուած, Իր պատուիրաններն ու Իր խօսքերը, երբ Աստուածսիրութիւն կ’իշխէ մեր կեանքին մէջ, փոխանակ եսասիրութեան։ Ուխտե՛նք, որ այսուհետեւ նոր կեանքը մեզ առաջնորդէ ճշմարտութեան հոգիով, այն սիրով, որ թելադրեց մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս, խաղաղութեամբ եւ խաղաղասիրութեամբ, ներողամտութեամբ եւ իրար հասկացողութեամբ», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։

ՄԵՌԵԼՈՑ

Երկուշաբթի, 22 Ապրիլին, մեռելոցի օրուան առթիւ, հոգեւոր հայրերը համախմբուեցան Հոլիվուտ Հիլզի եւ Կլենտէյլի Forest Lawn գերեզմանատուներուն մէջ, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին ազգիս բոլոր ննջեցալներու հոգիներուն համար։ Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Հոլիվուտ Հիլզի արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ «Hall of Liberty» սրահին մէջ։ Օրուան հոգեւոր խօսքը փոխանցեց Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։ Ապա, գերեզմանատան շրջափակին մէջ կատարուեցաւ «Անդաստանի» արարողութիւնը։

ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ

Շաբաթ, 20 Ապրիլի յետմիջօրէին, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ։ Առաջնորդ Սրբազանը պատարագեց եւ քարոզեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Ս. Յարութեան նաւակատիք։ «Այսօր Յարեաւ» շարականի երգեցողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Խորանէն բերուած մոմով վառեց հաւատացեալներուն մոմերը, իբրեւ խորհրդանիշ աշխարհի մէջ Քրիստոսի ճառագայթող լոյսին։

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ

19 Ապրիլին, Աւագ Ուրբաթ օր, թեմիս եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Յիսուսի թաղման յիշատակը մարմնաւորող հոգեպարար արարողութիւնը։ Հաւատացեալներ վարդերով եւ ծաղիկներով զարդարած էին Յիսուսի գերեզմանը։ Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022