Շաբաթ, 4 Ապրիլ 2015ի երեկոյեան, մեր Թեմի եկեղեցիները ապրեցան Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակի ուրախ մթնոլորտը, երբ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագի արարողութեան աւարտին, հաւատացեալները ստացան Քրիստոսի Ս. Յարութեան աւետիսը եւ եկեղեցիներու խորանէն վառուած մոմերով տուն վերադարձան լուսաւորելու իրենց յարկերը:
Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար, այդ օրը կրկնակի ուրախութեան առիթ էր, որովհետեւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը մատուցեց եւ ուղղեց պատգամ մը, ապա, կատարեց օրհնութիւնը եկեղեցւոյ կողքին վերջերս վերանորոգուած՝ Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշարձանին:
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ “Յարեաւ Աստուած եւ ցրուեցան ամենայն թշնամիք նորա, փախեան ատելիք նորա յերեսաց նորա” ալէլուքով: Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ահաւասիկ անգամ մը եւս կը տօնենք Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը, որ իր լրումին կը հասցնէ Աւագ շաբթուան բազմախորհուրդ շրջանը: Աւագ շաբթուան ընթացքին, մենք յիշատակեցինք Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին օրերու իրադարձութիւնները, յիշեցինք, թէ ինչպէս Անոր հակառակորդները փորձեցին նսեմացնել իր լոյսը եւ պահ մը կարծեցին թէ յաջողած են: Սակայն մարգարէները յայտնած էին, որ Միածինը, Աստուծոյ կամքով ու Իր ազատ կամքով ճշդուած ժամանակին աշխարհ պիտի գայ, պիտի ապրի մարդոց մէջ, պիտի ուսուցանէ հրաշքներու եւ իր կեանքին օրինակով, կամովին պիտի չարչարուի ու իր արիւնը պիտի թափէ մեր մեղքերու թողութեան ու փրկութեան համար: Քրիստոսը խաչին վրայ տեսնելով, Դպիրներն ու Փարիսեցիները կարծեցին, թէ յաղթած են, սակայն անոնք կը սխալէին: Երեք օր գերեզմանուելով, Քրիստոս հոգիով իջաւ դժոխք՝ առանց բաժնուելու աստուածութենէն, դժոխքը աւերեց եւ հոգիները ազատեց, իսկ երրորդ օրուան առաւօտուն, երբ իւղաբեր կանայք անոր գերեզմանը այցի գացին, հրեշտակը անոնց աւետեց, որ Ան արդէն յարութիւն առած էր եւ պատուիրեց, որ այս աւետիսը հաղորդեն առաքեալներուն: Թշնամիները փորձեցին անգամ մը եւս աղարտել ճշմարտութիւնը, ըսելով, որ Քրիստոսի առաքեալները գողցած էին անոր մարմինը, սակայն լոյսը կարելի չէ ընդմիշտ քողարկել, ուրեմն, ճշմարտութիւնը եղաւ վերջնական յաղթանակողը, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Տեսնելով յարուցեալ Քրիստոսը՝ աշակերտները քաջալերուեցան ու գօտեպնդուեցան, յիշելով անոր վերջին օրերու խօսքերը, երբ ան ըսած էր. “Քաջալերուեցէք, ես յաղթեցի աշխարհին”, շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը, նկատել տալով, որ այսօր ալ, մենք կը վայելենք նոյն քաջալերանքը, այն հաւատքով, որ Ան տիրած է աշխարհին. մենք ալ կրնանք դիմագրաւել ու յաղթահարել բոլոր մարտահրաւրէները, այնքան ատեն, որ մեր հաւատքը արմատաւորուած է Իր ճշմարտութեան ու Ս. Յարութեան վրայ, եւ խօսելով մեր ժողովուրդիւն դիմագրաւած պատուհասներուն մասին, շեշտեց, որ հայութեան կեանքն ալ վերջ չգտաւ տառապանքով ու չարչարանքներով, այլ յաղթանակով ու վերածնունդով: Այսօր ալ, մեր անհատական ու հաւաքական կեանքին մէջ, մեզի դէմ գործողներ ու մեզ ընկճել փորձողներ կան, սակայն անոնք պիտի ձախողին, որովհետեւ ճշմարտութիւնը միշտ ալ կ’ըլլայ վերջին յաղթանակողը: Ուրեմն, եկէք, յաղթական ոգիով գոչենք. “Փառք յարութեան Քո, Տէր։ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի”, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ այս խորհրդաւոր երեկոն ապրած է ծխական համայնքին հետ: Հետեւեցաւ Ճրագալոյցի նաւակատիքի արարողութիւնը, երգուեցաւ “Այսօր յարեաւ ի մեռելոց” շարականը, ապա հաւատացեալները Ս. Խորանէն վառուած մոմերով հետեւեցան թափօրին:
ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ փակը, ուր կանգնած է Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշարձանը: Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին, եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, Տէր եւ Տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեանի սրտաբուխ նուիրատուութեամբ, վերանորոգութեան ենթարկած էր զայն. Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց անոր օրհնութիւնը:
Տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն. Առաջնորդ Սրբազանն ու նուիրատու ընտանիքը վառեցին առաջին մոմերը: Շրջանի Հ.Յ.Դ. “Արմէն Գարօ” Կոմիտէին անունով խօսք առաւ Տիար Կարօ Քիլէճեան եւ յայտարարեց, թէ Թուրքիա 100 տարի առաջ փորձեց ցեղասպանութեան ճամբով բնաջնջել հայութիւնը, սակայն ձախողեցաւ, իսկ այսօր, այս յուշարձանին առջեւ, կը վերանորոգենք արդարութեան պահանջի մեր երթը:
“Սերոբ Աղբիւր” պատանեկան միութեան անդամները ներկայացուցին ազգային երգերով ու արտասանութիւններով գեղարուեստական յայատագիր մը:
Յուշահանդէսին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ այս յուշարձանին վերանորոգութիւնն ու օրհնութիւնը կը զուգադիպին Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին, երբ համայն հայութիւնը կ’ոգեկոչէ իր նահատակները եւ կը վերանորոգէ վերապրելու եւ պայքարի երթը շարունակելու ուխտը, այնպէս՝ ինչպէս այսօր կը տօնենք Քրիստոսի Ս. Յարութեամբ կերտուած յաղթանակը: Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց Փոստաճեան ընտանիքը, որուն ազնիւ բարերարութեամբ կանգնած էր այս յուշարձանը, 20 տարի առաջ, երբ ինք շրջանի հոգեւոր հովիւն էր, գնահատեց նաեւ ճարտարապետ Գառնիկ Քէշիշեանը՝ իր ներդրումին համար: Ան նաեւ գոհունակութիւն արտայայտեց, որ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին ու ծխական համայնքը կ’ապրին աճ ու զարգացում, երբ տեղի կ’ունենայ այս յուշարձանին օրհնութիւնը, որ յարգանքի արտայայտութիւն մըն է հանդէպ մեր նահատակներուն, որոնք մեր եկեղեցւոյ կողմէ շուտով պիտի սրբադասուին: Ան օրհնեց յիշատակը նահատակներուն եւ խօսքը եզրափակեց փառք տալով Քրիստոսի յարութեան համար:
Արարողութիւնը աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան աղօթքով ու “Կիլիկիա”ի եւ “Մեր Հայրենիք”ի խմբերգումով:
ԽԹՄԱՆ ԸՆԹՐԻՔ “Ղուկասեան” սրահին մէջ կազմակերպուած էր խթումի ընթրիք մը, հիւրընկալութեամբ Ֆերմանեան ամոլին եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան ու ՀՕՄի “Սեւան” մասնաճիւղին: Հոգաբարձութեան անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Տիար Սահակ Քէշիշեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ եկեղեցւոյ զօրակցողներուն:
Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը եւ Ս. Յարութեան տօնին առիթով բարեմաղթութիւններ կատարեց ներկաներուն: Խօսք առաւ նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, որ Աստուծոյ փառք տալէ ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ ներկաներուն, տօնական այս երեկոն միասին բոլորելուն եւ զօրակցութեան համար: Ան լուսաբանութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ շրջափակի նորոգութեան աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին, ընդգծելով, որ այս բոլորը կը կատարուին ու պիտի կատարուին հաւատացեալներուն նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ, իբրեւ արտայայտութիւն՝ ծխական շրջանի ծաղկումին:
Քաջալերուած մթնոլորտէն, ներկաներ կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: