Մեռելոցի Օր եւ Արցախի Նահատակներու Յիշատակում

Երկուշաբթի, 2 Ապրիլին, մեռելոց յիշատակը հոգեհանգստեան արարողութեամբ նշուեցաւ «Ֆորէսթ Լոն» գերեզմանատան մէջ, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն։ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան փոխանցեց օրուան հոգեւոր խօսքը։

Նկատի ունենալով, որ նոյն օրը կը զուգադիպէր 2016-ին Արցախի վրայ ազերիական յարձակումին ու չորսօրեայ խիզախումներու Բ. տարելիցին, հոգեհանգստեան պահուն առաջին հերթին Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի «անմահութեան նահատակներուն» հոգիները արժանացնէ երկինքի արքայութեան։ Այնուհետեւ, կատարուեցաւ «Անդաստանի» արարողութիւն, որուն ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը։ Արարողութիւնները տեղի ունեցան գերեզմանատան շրջաբակին մէջ։

Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի եւ «Մեր Հայրենիք»ի խմբերգումով։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022