Ս. Յարութեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ «Արարատ» Տան Մէջ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ հոգեւորականաց դասու անդամներ, պահպանելով տօնական օրերու բարի աւանդութիւնը, Չորեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2018-ի առաւօտեան այցելեցին «Արարատ» Տուն եւ Ս. Պատարագով ու տօնին յատուկ արարողութեամբ մահուան վրայ Աստուածորդւոյն յաղթանակի ուրախ մթնոլորտով պարուրեցին հաստատութեան բնակիչներն ու անձնակազմի անդամները:

Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը նախ այցելեցին հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինը, ուր տօնին շարականներուն երգեցողութեամբ փոխանցեցին Ս. Յարութեան յաղթական աւետիսը, ապա, կատարուեցաւ տնօրհնէքի յատուկ արարողութիւն։ Ներկայ էին նաեւ պետական պատասխանատուներ։ Արարողութենէն առաջ խօսք առնելով, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկաները, յիշեցուց, որ կ’ապրինք Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնի աւետաբեր մթնոլորտին մէջ, շնորհաւորեց բոլորը եւ ընդգծեց, որ Քրիստոս դարման կը պարգեւէ հիւանդներուն ու կը թեթեւցնէ տառապանքները։ Ան օրհնեց տարեց բնակիչները եւ յատուկ աղօթք բարձրացուց անոնց առողջութեան համար։ Հաստատութեան բնակիչներէն Պետրոս Սեֆէրեան Առաջնորդ Սրբազանին եւ քահանայ հայրերուն ուղղեց շնորհաւորանքի գրաւոր խօսք մը, որուն մէջ յանուն «Արարատ» տան բնակիչներուն, կը խնդրէր Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւոր հայրերուն օրհնութիւնը, կը մաղթէր, որ Աստուած անսասան պահէ մեր Ս. Աթոռը, եկեղեցիներն ու «Արարատ» Տունը, եւ կ’եզրափակէր «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով։ Խօսք առաւ նաեւ հաստատութեան պատասխանատուներէն Տիար Տէրիք Ղուկասեան, որ ողջունեց հիւր հոգեւորականներուն ներկայութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին ու հոգեւոր հայրերուն՝ այս հաստատութեան հանդէպ մշտական հոգածութեան համար, եւ տօնական օրերուն առիթով շնորհաւորեց հիւր հոգեւորականները։

Հիւանդանոցի բաժինի արարողութենէն ետք, հոգեւորականաց դասն ու հիւրընկալները անցան հաստատութեան մատուռը, ուր Ս. Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան: Երգեցողութիւնը կատարեցին հոգեւոր հայրերը: Տէր Հայրը առաջին հերթին շնորհաւորեց հաստատութեան անձնակազմն ու բնակիչները, ու շեշտեց, որ Քրիստոսի Ս. Յարութեան հետեւողութեամբ, մեր ժողովուրդն ալ վերապրում ապրեցաւ Ցեղասպանութենէն ետք, հաստատեց անկախ հանրապետութիւն, որուն 100-ամեակը կը տօնենք այս տարի։ Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանին եւ հիւր հոգեւորականներուն շնորհակալութեան խօսք մը ուղղեց հաստատութեան հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Մայքըլ Սիւրմէեան։
Ապա, հոգեւոր հայրերն ու հիւրընկալեները անցան հաստատութեան բնակարանային բաժինը, ուր տեղի ունեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն։ Խօսք առաւ հաստատութեան պատասխանատուներէն Տիկին Ռիթա Նորաւեան, որ ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանն ու ընկերակից հոգեւորականները, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց հոգածու վերաբերմունքին համար եւ տօնական օրերու առիթով շնորհաւորեց բոլորը։

Աւարտին, «Արարատ» Տան հոգաբարձութիւնն ու անձնակազմը ճաշով հիւրընկալեցին Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը։ Ստեղծուեցաւ տօնական օրուան յատուկ ոգեղէն ու մտերմիկ մթնոլորտ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022