Չորեքշաբթի, 4 Ապրիլին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ հոգեւորականաց դասու անդամներ «Արարատ Տան» Միշըն Հիլզի հաստատութիւնը պիտի այցելեն իրենց Զատկուան բարեմաղթութիւնները փոխանցելու համար:
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, հիւանդանոցի բաժինին մէջ տեղի պիտի ունենայ աղօթքի պահ մը եւ տօնին յատուկ արարողութիւն։ Այնուհետեւ, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի հաստատութեան մատրան մէջ. պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Արժ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան: Ապա, տարեցներու բնակարանային բաժինին մէջ պիտի կատարուի տնօրհնէքի յատուկ արարողութիւն։
Արարողութիւններէն ետք, հոգեւորականաց դասը ճաշով պիտի հիւրընկալուի «Արարատ Տան» պատասխանատուներուն կողմէ: