Երկուշաբթի, 19 Մարտ 2018–ին, ծովածոցի Պելմոնդ քաղաքի Սուրբ Խաչ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական աղօթք եւ Ս. Խաչի մասունքի պանծացման արարողութիւն։ Սոյն արարողութիւնը կազմակերպուած էր, Սան Ֆրանսիսքոյի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Կերասիմոս Արքեպիսկոպոսին եւ Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Գորտէլիոն Արքեպիսկոպոսին կողմէ։ Սուրբ Խաչին նուիրուած աղօթքի եւ պանծացման արարողութենէն ետք, երկու եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները խօսք առնելով ողջունեցին ներկայ հոգեւորականները, ապա օրուան խորհուրդը փոխանցեցին։
Յանուն Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ողջոյնները փոխանցեց Կերասիմոս Արքեպիսկոպոսին եւ Գորտէլիոն Արքեպիսկոպոսին։