Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2018-ին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցին պիտի տօնէ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 118-րդ տարեդարձը։
Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութենէն ետք, տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ 118-րդ ամեակի ճաշկերոյթը։ Ս. Պատարագին եւ ճաշկերոյթին ներկայ պիտի ըլլան Թեմիս Ազգ. Վարչութեան անդամներ։
Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչները նաեւ հանդիպում մը պիտի ունենան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու ժողովականութեան անդամներու հետ, խորհրդակցելու համար անմիջական հարցերու ու ծխական ծրագիրներու մասին։