Հոկտեմբերի առաջին շաբաթավերջը պատմական հանգրուան մը կերտեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ եւ Արեւմտեան մեր Թեմի տարեգրութեան մէջ, երբ 3 եւ 4 Հոկտեմբեր 2015ին, պաշտօնական ճաշկերոյթով մը եւ Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով տօնախմբուեցան ծխական համայնքի հիմնադրութեան 30րդ ու Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ օծման 10րդ տարեդարձները:
Կիրակի, 4 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցեց։ Թափօրին մաս կազմեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներ: Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան: Ներկայ էին եկեղեցւոյ ծառայող մարմիններու, շրջանի միութեանց ներկայացուցիչները, Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիկին Թերէզ Քեմանճեան, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբ մը սկաուտներ ու արենոյշներ, ստանալու «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» ծրագիրին մասնակցութեան իրենց խաչերը, օրհնութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին:
Օրուան իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը հանգամանօրէն անդրադարձաւ ծխական համայնքին գոյառման կարեւոր հանգրուաններուն ու աղօթք բարձրացուց այս իրագործումին իրենց լուման դրած ու մեզմէ առյաւէտ բաժնուած բոլոր նուիրեալներուն համար։ Ան նշեց, որ այս եկեղեցւոյ իրագործումը կը մարմնաւորէ մեր հաւատարմութիւնը ազգային եկեղեցւոյ ուղիին։
Առաջնորդ Սրբազանը ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ կեանքը կենսաւորողներուն՝ նախկին ու այժմու հոգեւոր հովիւներուն, հոգաբարձութեան անդամներուն, ազգային երեսփոխաններուն, Տիկնանց միութեան, դպրաց դասի եւ բոլոր յարակից մարմիններու անդամներուն, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչին, որոնք անսակարկ նուիրումով կը շարունակեն վառ պահել եկեղեցւոյ ջահը: Ան ողջոյնի ու օրհնութեան յատուկ խօսք ուղղեց նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն, որոնք կը պատրաստուին հետեւելու «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանի դաստիարակչական ծրագիրին:
Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին մէջ վերջերս արձանագրուող պատմական դէպքերուն եւ տօնակատարութիւններուն, յիշեցնելով, որ շաբաթ մը առաջ, Ս. Էջմիածինի մէջ, իբրեւ ներկայացուցիչը Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, մասնակից եղած էր Միւռոնօրհնէքի արարողութեան, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Անթիլիասի միւռոնը խառնեց Ս. Էջմիածնի Միւռոնին, իբրեւ ցուցանիշ՝ մեր եկեղեցւոյ եւ հաւատքի միութեան: Ան յայտնեց, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսը նոյն օրերուն Զուիցերիա կ’այցելէր, մեր ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն յայտնելու համար Զուիցերիոյ պետութեան ու ժողովուրդին, Ցեղասպանութեան օրերուն ու այնուհետեւ, անոնց տրամադրած բարեսիրական մեծ նպաստին համար Ցեղասպանութենէն փրկուած մեր ժողովուրդին, մասնաւորաբար որբահաւաքի ու որբախնամի կալուածին մէջ: «Այս տարի, երբ մենք կը յիշատակենք Ցեղասպանութեան 100ամեակն ու կը հնչեցնենք մեր պահանջատիրութիւնը, չենք մոռնար նաեւ բոլոր այն բարեսէրները, որոնք օժանդակեցին մեր ժողովուրդի վերապրումին ու վերականգնումին», ըսաւ ան:
Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց նաեւ, որ Անթիլիասի մէջ օրհնուած Սրբալոյս Միւռոնով, ջրօրհնէքի արարողութիւններ կատարած է մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, իսկ յառաջիկային, տեղի պիտի ունենան նաեւ մեր սրբադասուած նահատակներուն աճիւնները պարունակող խաչերու օրհնութեան արարողութիւնները, որպէսզի մեր եկեղեցիները իրենց յարկերուն տակ ունենան սրբադասուած նահատակներուն մշտական ներկայութիւնը եւ անոնց բարեխօսութեան դիմեն իրենց աղօթքներուն մէջ:
Առաջնորդ Սրբազանը օրուան առաքելական ընթերցումին հետեւողութեամբ, շեշտեց մեր հաւատքին մէջ անխախտ մնալ եւ Քրիստոսի ներկայութիւնը ապրիլ մեր հոգիներուն եւ էութեան մէջ. «Պէտք է քննենք մենք զմեզ, տեսնելու համար թէ հաստա՞տ ենք մեր հաւատքին մէջ», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը, նշելով, որ եկեղեցւոյ 30ամեակի ու տասնամեակի այս հանգրուանը պէտք է առիթ ընծայէ նման ինքնաքննարկումի: Ան յիշեցուց, որ 30 տարիներ առաջ, բազմաթիւ նուիրեալներ ծխական այս համայնքին հիմը դրին հաւատքով ու տեսլականով, 10 տարի առաջ, Ս. Սարգիս Եկեղեցին օծուեցաւ ձեռամբ Արամ Ա. Վեհափառին. այսօր, բազմաթիւ նուիրեալներ կը շարունակեն եկեղեցւոյ ու ծխական համայնքին պայծառացման նուիրական առաքելութիւնը: Ան օրհնեց եկեղեցւոյ բոլոր ծառայողները, մասնաւորաբար գլխաւոր բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլը, նուիրատուներն ու եկեղեցւոյ յարկին տակ սպասարկողները: Ան մաղթեց, որ այս հանգրուանը ըլլայ ուխտի վերանորոգութեան առիթ, որպէսզի մեր ծառայական կեանքը շարունակուի համերաշխութեամբ, սիրով, հաւատքով, համեստութեամբ, հեզութեամբ եւ հոգեկան մաքրութեամբ:
Առաջնորդ Սրբազանը հաւատացեալներուն յայտնեց նաեւ, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին պիտի տօնենք Թարգմանչաց յիշատակը եւ պիտի վերանորոգենք մեր ազգային մշակոյթին հաւատարմութեան ուխտը: Այս առիթով, յառաջիկայ օրերուն, Նիւ Ճըրզիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ամերիկայի երեք Թեմերու հոգեւորականաց միացեալ համագումարը, որմէ վերադարձին, յառաջիկայ Ուրբաթ երեկոյ, Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի նախատօնակի արարողութիւն:
Վերջապէս, իր խօսքը ուղղելով Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտներուն, Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց հաւատարիմ մնալ մարզական այս միութեան արժանիքը կազմող կարգապահ կեանքին եւ նախանձախնդիր մօտեցումով հետեւիլ շքանշանի դաստիարակչական ծրագիրին, որ պիտի իրագործուի մեր եկեղեցիներուն մէջ: Ան հրաւիրեց սկաուտները համախմբուելու եկեղեցւոյ դասին մէջ, ուր աղօթքով ու օրհնութեամբ անոնց շնորհեց յատուկ խաչերը, իր օրհնութիւնները բաշխելով նաեւ սկաուտներու խմբապետներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան, որոնց հետ գործակցաբար կ’իրականացուի այս ծրագիրը:
Հոգեհանգստեան պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը յատկապէս յիշատակեց եկեղեցւոյ առաջին հովիւն ու ննջեցեալ ծառայողները, որոնցմէ շատեր նաեւ ծառայութիւն ունեցած են թեմական մակարդակի վրայ, իբրեւ ազգային երեսփոխաններ ու Ազգային Վարչութեան անդամներ:
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ Ս. Պատարագի նախօրեակին, եւ նախաձեռնութեամբ եկեղեցւոյ Հովիւին ու հոգաբարձութեան, Թահանկայի «The Great Caesar Banquet Hall» սրահին մէջ տեղի ունեցած էր զոյգ տարեդարձներուն պաշտօնական տօնակատարութիւնը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին: Ձեռնարկին հիւրընկալն էր Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սէփէթճեան բարերար ամոլը: Ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչը, Փասատինայի հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց անդամներ եւ աւելի քան 350 հանդիսականներ:
Հոգեւոր Հովիւին կողմէ սեղաններու օրհնութենէն ետք, արտասանուեցան ողջոյնի խօսքեր, ուր վեր առնուեցաւ եկեղեցւոյ ներգործօն դերը համայնքի կեանքին մէջ: Օրուան հիւրընկալը արժանացաւ յուշանուէրներու:
Պաշտօնական յայտագիրի եզրափակիչ իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց անցեալի ու ներկայի բոլոր ծառայողները, բարերարներն ու հիւրընկալ ամոլը: Ան անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ եկեղեցւոյ օծման արարողութեան եւ դրուատիքով խօսեցաւ գլխաւոր բարերարին նուիրաբերումին մասին: Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց յիշատակը եկեղեցւոյ առաջին հովիւին ու առյաւէտ ննջած ծառայողներուն, եւ վստահութիւն յայտնեց, որ այժմու ծառայողները նոյն ոգիով ու նախանձախնդրութեամբ կը շարունակեն երթը:
Երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանքով: