Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքը անցեալ Շաբաթ, 14 Հոկտեմբեր 2017-ին, հանդիսաւոր շուքով տօնախմբեց եկեղեցւոյ օծման 51-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ժամանեց Սան Ֆրանսիսքօ, հովանաւորելու համար տօնախմբութիւնը եւ Կիրակի, 15 Հոկտեմբերին Ս. Պատարագ մատուցելու եկեղեցւոյ մէջ։
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ
Շաբաթ, 14 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի, Հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան եւ Ճաշկերոյթի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք մը, որուն նպատակն էր Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ տօնախմբել եկեղեցւոյ օծման տարեդարձը եւ պատուել համայնքին երկար տարիներ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած երկու անդամներ՝ Տիկին Աննիկ Զինտարսեանը եւ Տիար Լէօ Տօնեանը։
Երեկոն սկսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր սեղանի օրհնութեամբ։ Հանդիսավարն էր Օր. Նայիրա Տէր Կիւրեղեան, որ բարի գալուստ մաղթեց եւ եկեղեցւոյ օծման 51-րդ տարեդարձին առիթով՝ յանձնախումբին անունով շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց բոլորին, ապա հրաւիրեց հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Դոկտ. Կարօ Միրիկեանը, որ պատմական ակնարկներով անդրադարձաւ օրուան մեծարեալներուն ծառայութեան եւ համայնքին կեանքէն ներս անոնց ներդրումին։
Յայտագիրը ունէր գեղարուեստական բաժին։ Լուսանկարներու միջոցով ցուցադրուեցան եկեղեցւոյ կերտած ճամբուն կարգ մը հանգրուանները։ Տիար Վազգէն Էքմէքճեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Օրհնութիւն»ը եւ Գէորգ Էմինի «Հող Հայրենի» բանաստեղծութիւնները, Օր. Հելին Զինտարսեան ներկայացուց քանի մը մեներգ, իսկ Տիար Լէրի Տանլըփ դաշնամուրով մեկնաբանեց յայտնի երաժիշտ Ըրլ Զինտարսեանի ճազային ստեղծագործութիւններէն երկու կտոր։
Գնահատանքի արժանացաւ նաեւ «Խաչատուրեան» Հայ Կեդրոնի տնտես Տիար Քարլոս Մենտոզան, տասնամեակներու իր հաւատարիմ ծառայութեան համար. անոր յանձնուեցաւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսին գնահատագիրը։
Գնահատագիրներուն յանձնումէն ետք, խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, որ Ս. Աւետարանէն քաղելով Ղազարոսի քոյրերուն՝ Մարիամի եւ Մարթայի մասին դրուագը, զանոնք նմանցուց օրուան մեծարեալներուն. ան նշեց, որ այդ պատմութիւնը կը պատշաճի նաեւ եկեղեցւոյ բոլոր անդամներուն, ինչ պաշտօնի վրայ ալ ըլլան անոնք։ Ու իր խօսքը ուղղելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ ըսաւ, թէ այս բոլորը կարելի պիտի չըլլային առանց Սրբազան Հօր հոգեւոր առաջնորդութեան։ Հայր Սուրբը իր խօսքի աւարտին շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ ծննդեան 60-րդ տարեդարձին, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման 20-ամեակին եւ քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակին առիթներով, մաղթելով երկար եւ առողջ կեանք ու բեղուն գործունէութիւն։ Աւարտին, Հայր Սուրբը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի իր հայրական պատգամն ու օրհնութիւն փոխանցէ ներկաներուն:
Սրբազան Հայրը, առաջին հերթին շնորհաւորեց ծխական համայնքի զաւակները՝ եկեղեցւոյ օծման 51-րդ տարեդարձին առիթով, եւ գնահատեց բոլոր այն նուիրեալ կամաւորները, որոնք եկեղեցւոյ շինութենէն մինչեւ այսօր իրենց կեանքը նուիրած են ու կը նուիրեն մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան համար: Ան նշեց, որ նման տօնախմբութիւններ առիթ են վերադառնալու անցեալի իրագործումներուն, սակայն նաեւ անոնցմէ մեկնելով՝ ծրագրելու յառաջիկայ աշխատանքները։ Մասնաւորաբար վեր առնելով եկեղեցւոյ կամաւոր ծառայողներուն նուիրումն ու ներդրումին կարեւորութիւնը, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանք արձանագրեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու անոր կողքին ծառայողներուն, Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանը կանգուն պահողներուն եւ բոլոր անձնդիր ծառայողներուն, շեշտելով, որ կամաւոր ծառայողներն ու բոլոր նուիրեալները պէտք է գործեն այն հաւատքով ու համոզումով, որ իրենք կ’աշխատին Աստուծոյ փառքին համար, եւ ոչ թէ հետամուտ են անհատական փառաբանութեան։ Այս մօտեցումով ալ՝ շնորհաւորեց օրուան մեծարեալները, բարձր գնահատելով անոնց ծառայական կեանքն ու նուիրուածութիւն: Ան յիշեցուց, որ Քրիստոս մարդկութեան տուած է ծառայութեան ու զոհաբերութեան գերագոյն օրինակը, այս իմաստով ան կը մնայ բոլորիս առաջնորդը, եւ կոչ ուղղեց համայնքի զաւակներուն, որ հետեւին Քրիստոսի օրինակին եւ այսօրուան մեծարեալներուն ու եկեղեցւոյ հիմնադրութեան օրերէն սկսեալ սպասարկողներուն ճամբուն, համայնքի կեանքին մէջ հետք թողուն՝ գործելով սիրով ու հաւատքով, նոյն ոգին փոխանցեն նոր սերունդին, զանոնք դաստիարակելով Թարգմանչաց հայրերուն հաւատարմիմ մնալու կամքով, որպէսզի իրենց օրինակով շարունակեն պայծառացնել մեր եկեղեցին ու ազգային կեանքը։ Վերջապէս, Սրբազան Հայրը յատուկ կերպով անդրադարձաւ հոգեւոր հովիւին՝ Հայր Պարոյրի տարած հովուական ծառայութեան, եւ բարձր գնահատեց անոր նուիրումը։ Ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ հովանի ըլլայ եկեղեցւոյ յարկին ու հովանիին տակ գործողներուն։
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով ու «Կիլիկիա» մաղթերգով:
«ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱԼ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ԱՒԱՆԴԻՆ»
Կիրակի, 15 Հոկտեմբերը Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնն էր։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ մատոյց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էին ծխական համայնքի բազմաթիւ անդամներ, որոնք եկած էին լիցքաւորուելու հոգեպարար արարողութեանց խորհուրդով, ինչպէս նաեւ ունկնդրելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը։
Քարոզի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկայ հաւատացեալները եւ ծխական համայնքի յարակից միութիւնները, միաժամանակ շնորհաւորանքի խօսք ուղղելով ծխական համայնքի զաւակներուն՝ եկեղեցւոյ 51-րդ տարեդարձին առիթով, մաղթելով, որ աւելի քան կէս դար առաջ սկսած երթը շարունակուի վերանորոգ կենսունակութեամբ։
Առաջնորդ Սրբազանը նախ եւ առաջ անդրադարձաւ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Սոնոմա եւ Նափա շրջաններուն մէջ շաբաթասկիզբին ծայր առած աղիտալի հրդեհին, ցաւ յայտնեց, որ զոհերուն ու աղէտեալներուն թիւը բարձրացած է օր ըստ օրէ, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ ամոքէ աղէտեալները, պաշտպանէ հերոս հրշէջները եւ բնակիչներուն առիթ ստեղծէ վերադառնալու իրենց բնակարանները եւ բնականոն կեանքին։
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին բնաբան ընտրած էր օրուան ճաշու աւետարանին դրուագը, որ կը պատմէ իր համեստ լուման տաճարին նուիրաբերելու Այրի Կնոջ պատմութիւնը։ Քրիստոս այս օրինակը տալով իր հետեւորդներուն, ընդգծեց, որ այդ կնոջ համեստ նուէրը Աստուծոյ աչքին շատ աւելի մեծ արժէք ունեցաւ, քան միւս բոլոր նուիրաբերողները, որովհետեւ ան իր ամբողջ ունեցածը տուաւ Աստուծոյ։ Ան հաւատացեալները յորդորեց չնմանելու մաքսաւորներու օրինակին, որոնք իրենց ձեւական բարեպաշտութեամբ եւ կեղծ մօտեցումով փառաբանութեան հետամուտ են։ Ան յիշեցուց, որ նախորդ օրը՝ Շաբաթ, տօնն էր թարգմանիչ վարդապետներուն, որոնք Այրի Կնոջ օրինակին նմանողութեամբ, ազգի գանձանակին մէջ դրին իրենց ամբողջ ունեցածը, ապահովելով ու երաշխաւորելով ազգի ապագան։ Եւ ահա դարեր ետք, մենք հաւատարիմ ենք իրենց սրբազան աւանդին, որովհետեւ անոնք լուսաւորեցին մեր միտքը եւ մշակութային զարթօնք պարգեւեցին մեր ժողովուրդին, երաշխաւորելով մեր ազգային ինքնութիւնը։ Այդ երթը սկիզբ առաւ հինգերորդ դարուն, հայ գիրերու գիւտով եւ Աստուածաշունչին հայրերէնի թարգմանութեամբ։ Ս. Սահակ Կաթողիկոսի եւ Ս. Մեսրոպ Վարդապետի աւելի քան երկու հարիւր աշակերտներն ու հետեւորնդները յաջորդ երկու դարերուն անդուլ աշխատանք տարին, թարգմանեցին թանկարժէք գիրքեր՝ կերտելով մեր ոսկեդարը եւ անփոխարինելի ներդրում ունենալով միջազգային քաղաքակրթութեան զարգացման մէջ։ Ան կոչ ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն՝ հաւատարիմ մնալու Թարգմանիչ Վարդապետներուն թողած աւանդին, դէմ դնելու ամէն տեսակի այլասերող ազդեցութեան, որպէսզի դարերէն մեզի ժառանգութիւն հասած գանձերուն մասնակից ըլլան նոր սերունդները։ Ան նաեւ յորդորեց ներկաները հետեւելու Քրիստոսի ու մեր սրբազան հայրերու օրինակին, ի խնդիր մեր ժառանգութեանց պահպանման ու զարգացման։
Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին, Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ, ներկայ հաւատացեալները միասնաբար երգեցին Թարգմանիչ Վարդապետներուն նուիրուած «Որք Զարդարեցին» շարականը։
Արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը, երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Միութեան անդամ-անդամուհիներ եկեղեցւոյ կողքի գրադարանի սրահին մէջ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ։ Հանդիպումը անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ. ներկաները շնորհաւորեցին Սրբազան Հայրը՝ 60-ամեակի ու ձեռնադրութեան յոբելենական տարուան առիթով, նաեւ երախտագիտութիւն արտայայտեցին իբրեւ առաջնորդ՝ անոր նուիրեալ ծառայութեան համար։ Արծարծուեցան եկեղեցւոյ առաքելական աշխատանքներուն առնչուող հարցեր, նպատակ ունենալով աւելի եւս բարելաւել ծխական համայնքին կեանքը։ Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս գնահատանք արձանագրեց տարուած աշխատանքին համար, բոլոր սպասարկուները յորդորեց առաւել խանդավառութեամբ եւ գործակցութեամբ եկեղեցւոյ անդաստանը պտղաբերելու, ու վերջապէս, շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար։