Կիրակի, 3 Յուլիս 2016ը տօնական յիշատակելի օր մը եղաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար: Արդարեւ, Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ծխական այս համայնքը պատուեց՝ Ս. Պատարագ մատուցելով, ուղղելով իր պատգամը եւ ուրար կրելու իրաւունք շնորհելով դպրաց դասի նուիրեալ դպիրներուն՝ Սարգիս Նաճարեանի, Նարեկ Խաչատուրեանի եւ Աւետիս Փաթաթեանի: Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեան:
Ուրարի տուչութեան հոգեպարար արարողութիւնը տեղի ունեցաւ պատգամէն առաջ: Երեք թեկնածուները, շարականներու երգեցողութեամբ ու սաղմոսներու ընթերցումներով, ծնրադիր ներկայացան Առաջնորդ Սրբազանին առջեւ, որ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի Ս. Հոգիի շնորհքները հեղու ծառայողներուն վրայ, եւ անոնք հաւատարիմ մնան իրենց կոչումին, Ս. Եկեղեցւոյ ծառայեն խոնարհութեամբ եւ բարութեամբ, արժանի ըլլան իրենց շնորհուած պատիւին: «Կ’աղաչենք քեզի, բարերար ու բազումողորմ Աստուած, լսէ մեր աղաչանքները, նայէ մեր բոլորին աղօթքներուն եւ քու ծառաներուդ՝ Սարգիսի, Նարեկի ու Աւետիսի, զորս ընտրեցիր եւ կանչեցիր, որպէսզի խնկարկեն, Սուրբ Սեղանիդ սպասարկեն ու աստուածային քու պատուիրաններդ կարդան, իրենց կոչումին մէջ սուրբ պահէ (…): Այնպէս ըրէ, որ ամօթով չմնան ու չարատաւորուին, որպէսզի յարմար ատենին հասնին սարկաւագութեան աստիճանին: Հեզութիւն, խոնարհութիւն եւ պարկեշտութիւն շնորհէ իրենց եւ Քու սուրբ հոգիդ փչէ անոնց վրայ, որպէսզի արժանի ըլլան գիշեր ու ցերեկ տաճարիդ ու պատուիրաններուդ մասին խորհելու, եւ արժանի ըրէ սրբութեամբ սպասաւորելու Քու սուրբ եկեղեցիիդ», աղօթեց Առաջնորդ Սրբազանը, ապա, ան ուրարները դրաւ նուիրեալներու ուսերուն եւ օրհնեց զանոնք: Իր պատգամին սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց նոր ուրարակիրները, գնահատեց անոնց ծառայութիւնները եւ մաղթեց, որ անոնք իրենց առաքելութիւնը շարունակեն նոյն ոգիով ու հաւատարմութեամբ, որպէսզի արժանի ըլլան սարկաւագութեան աստիճանին:
Օրուան տօնին խորհուրդին մասին խօսելէ առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց, որ այս օրերուն կը նշուի նաեւ քահանայական իր ծառայութեան 40ամեակը եւ յիշեց, թէ 40 տարիներ առաջ,իբրեւ նորընծայ աբեղայ,իր անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցած էր նոյնինքն Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին օրը եւ արտասանած՝ իր առաջին քարոզը: Եւ ինչպէս որ զինք ձեռնադրող սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուցած էր, որպէսզի Աստուած Իր շնորհքներով օժտէ զինք, ինք ալ այսօր կ’աղօթէ, որ Աստուծոյ շնորհքները բաշխուին նոր ուրարակիրներուն եւ ներկայ հաւատացեալներուն:
Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը հոգեկան մաքրութեան, վերանորոգութեան ու պայծառօրէն լուսաւորուելու օր մըն է: Քրիստոսի աշակերտները արժանի եղան ականատես ըլլալու Իր լոյսին եւ լսելու Աստուծոյ ձայնը, որովհետեւ անոնք իրենց զիրենք բոլորանուէր կերպով ընծայած էին Աստուծոյ՝ անկեղծ աղօթքով, անարատ եւ բաց սրտով: Մենք եւս կրնանք ապրիլ առաքեալներուն փորձառութիւնը, սակայն նախ պէտք է բարեփոխենք մենք զմեզ, պէտք է վեր բարձրանանք մեր առօրեայ տագնապներէն ու մօտենանք Աստուծոյ, մեր սիրտերն ու հոգիները բանանք Իրեն, հոգուով միանանք Իրեն, աղօթենք, որ մեզ լուսաւորէ իր Լոյսով: «Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս աշխարհի լոյսն է, մեր կեանքին Լոյսը, մեր գոյութեան Լոյսը, եւ թող անոր Լոյսը, յոյսն ու սէրը արտայայտութիւն գտնեն մեր էութեան մէջ ու լուսաւորեն մեր շրջապատը», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Այնուհետեւ, Տ. Ռազմիկ Ա. Քահանայ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, շնորհաւորեց զինք՝ անդրանիկ Ս. Պատարագի տարեդարձին առիթով, քաջառողջութիւն եւ ընդերկար ծառայութիւն մաղթեց անոր: Ան շնորհաւորութեան խօսք ուղղեց նաեւ նոր ուրարակիրներուն ու անոնց ընտանիքներուն, մաղթելով, որ անոնք վերանորոգ ուխտով շարունակեն ծառայել ծխական համայնքին:
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը հիւրնկալութիւն մը կազմակերպած էր «Եղիա Սարաֆեան» հիւրասրահին մէջ: Տէր Հայրն ու հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Լեւոն Արապեան անգամ մը եւս բարեմաղթութիւններ կատարեցին Առաջնորդ Սրբազանին: