Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղցեւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Երկուշաբթի, 14 Յունուար 2019-ին պիտի նշէ Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ ու Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ։

Կիրակի, 13 Յունուարին, որ նաեւ տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի անուանակոչութեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, պիտի ուղղէ իր պատգամը ու պիտի կատարէ մատաղի օրհնութիւն։

Ս. Պատարագէն ետք, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ կազմակերպութամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան, «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ աւանդական ճաշկերոյթը։ Այս առիթով, Հոգաբարձութիւնը գնահատանքի կ’արժանացնէ եկեղեցւոյ ու հայ համայնքին բազմամեայ ծառայութիւն մատուցող հայորդիներ։ Այս տարի պատիւի պիտի արժանանայ Տիար Յակոբ Առաքելեան, որ եկեղեցւոյ կողքին, տարիներ շարունակ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ Ռաֆֆի Ռումանահայ Հայրենակցական եւ Մշակութային Միութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը մեծարեալին պիտի շնորհէ օրհնութեան եւ գնահատանքի գիր մը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022