Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019ը տօնն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ մուտքին, որ անուանակոչութեան տօնն է Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, իսկ 7 Ապրիլը Մեծ Պահոց վեցերորդ՝ Գալստեան Կիրակին է, ինչպէս նաեւ Աւետման Ս. Աստուածածնի տօնը։
Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Կիրակի, 7 Ապրիլին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ, իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ մատաղօրհնէք պիտի կատարէ Ս.
buy priligy online https://www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/priligy.html no prescription
Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Ուրբաթ երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ հսկումի արարողութեան։
Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպումներ պիտի ունենայ հոգեւոր հովիւին ու ժողովականութեան անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Սան Ֆրանսիսքոյի Առաջնորդ Երասիմոս Արքեպիսկոպոսին եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սան Ֆրանսիսքոյի Առաջնորդ Սալվաթորէ Քորտիլէօնի հետ։