Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Դպրաց Ձեռնադրութիւն Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ

Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2019-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին տօնը։

Այս առիթով, Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, դպիրներու ձեռնադրութիւն եւ ուրարի տուչութիւն պիտի կատարէ եւ իր պատգամը պիտի ուղղէ։ Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ «Գուճաքեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ սիրոյ ճաշ։

Նախորդ օրը, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ ՀՕՄ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի «Վերժին Գուճաքեան» շաբաթօրեայ վարժարանի նորակառոյց խաղավայրի օրհնութիւնն ու բացումը։ Խաղավայրը հովանաւորած են Եմենիճեան եւ Գուճաքեան ընտանիքները, իրենց ծնողաց՝ Աբրահամ եւ Վերժին Գուճաքեանի յիշատակին։

Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022