Խաչվերացի Տօնը Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարէն Ներս


Խաչվերացի տօնին առիթով, որ նաեւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի անուանակոչութեան տօնն է, Կիրակի, 11 Սեպտեմբեր 2016-ին, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ: Պատարագիչն էր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ նաեւ կատարեց Խաչվերացի տօնին յատուկ «Անդաստան»ի արարողութիւնը, դպրութեան աստիճան եւ ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց դպրաց դասի անդամներուն, կատարեց ռեհանի օրհնութիւն, եւ իր հոգեւոր պատգամը ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն: Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց նաեւ աւանդական մատաղի օրհնութիւնը։

Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան եւ սարկաւագներ: Խուռներամ հաւատացեալներու կողքին, ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Տիար Անդրանիկ Գասպարեան, Հ.Յ.Դ. «Դրօ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչը եւ անդամներ, շրջանի երեսփոխաններ, բարերարներ եւ շրջանի մէջ գործող միութեանց ներկայացուցիչներ:

Պատարագի ընթացքին, քարոզէն առաջ, առընթերակայութեամբ հոգեւոր հայրերուն եւ սարկաւագներուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց Ս. Խաչի տօնի Անդաստանի արարողութիւնը, օրհնեց, խաղաղութիւն եւ բարեբերութիւն հայցեց երկրի չորս ծագերուն, մեր հայրապետութեան ու հանրապետութեան, հայոց աշխարհի անդերուն եւ արտերուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար, ապա կատարեց ռեհանի օրհնութիւն։

Անդաստանին յաջորդեց դպրաց ձեռնադրութիւնը եւ ուրարի տուչութեան արարողութիւնը։ Հոգեւոր հովիւները Առաջնորդ Սրբազանին ներկայացուցին եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասարկուներէն Ալեքս Մանուկեանը, Հրակ Հարպոյեանը, Փառէն Տէր Պետրոսեանը, Կարօ Քէլլէեանն ու Պերճ Պապիկեանը, որոնք ստացան Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ առաջին չորս աստիճանները՝ ընթերցողի, դռնապանի, ջահընկալի եւ երդմնեցուցչի։ Պերճ Պապիկեան նաեւ ստացաւ ուրար կրելու իրաւունք։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը սկսաւ փառք եւ գոհութիւն տալով Աստուծոյ, որ օր ըստ օրէ կը բազմապատկուի Իր Ս. Սեղանին սպասարկուներուն թիւը։ Իր խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալ դպիրներուն եւ ուրարակիրին՝ նախ գնահատեց անոնց բազմամեայ ծառայութիւնը, շնորհաւորեց զանոնք եւ յորդորեց՝ որպէսզի ըլլան հաւատարիմ ծառաներ Աստուծոյ Ս. Սեղանին, եւ մաղթեց որ արժանանան աւելի բարձր աստիճաններու։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յիշեցուց որ այսօր, մեր Թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերամուտն է եւ յորդորեց բոլոր ծնողները, որպէսզի իրենց զաւակները առաջնորդեն այնտեղ, լիցքաւորուելու համար հոգեւոր եւ ազգային արժէքներով։

Առաջնորդ Սրբազանը ուրախութիւն յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը մասնակից կը դառնայ Խաչվերացի պատմական տօնի յիշատակութեան, ինչպէս նաեւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի անուանակոչութեան տօնախմբութեան: Ան նշեց, որ Ս. Խաչին նուիրուած տօնը դարեր շարունակ յատուկ նշանակութիւն ունեցած է քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ մանաւանդ Հայց.
buy abilify online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/abilify.html no prescription

Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, դառնալով ապաւէն եւ յաղթութեան ու փրկութեան խորհրդանշան։ Ս. Խաչին ընծայուած չորս տօներէն՝ Գիւտ Ս. Խաչի, Երեւման եւ Վարագայ Ս. Խաչի՝ մեծագոյնը Խաչվերացի տօնն է, որ դարերով վայելած է մեծ ժողովրդականութիւն եւ հայը, եկեղեցական մեծահանդէս տօնախմբութիւններով, ուխտագնացութիւններով եւ մատաղօրհ-նութիւններով տօնած եւ պանծացուցած է յիշատակը, դասելով եկեղեցւոյ հինգ Տաղաւարներու կարգին։

«628-ին, Քրիստոսի Խաչափայտի ազատագրումը՝ Բիւզանդիոնի Հերակլ կայսեր ձեռամբ, սոսկ պատմական դէպք մը չէր, այլ նաեւ մեր հոգիներու փրկութեան եւ ազատագրումի խորհրդանշանը, որ կ’արտայայտուի Խաչին եւ Խաչեալին հանդէպ տածուած բացառիկ յարգանքով։ Երբեմնի մահուան գործիք խաչը Աստուածորդւոյն կենսատու եւ կենարար արեան հեղմամբ դարձաւ փրկութեան առհաւատչեան, քաւութեան ապաւէնն ու հաւատքի ամրակուռ վահանը։ Մեր հայրերը Խաչին նայեցան իբրեւ կենսատու պարգեւ, վահան զօրութեան, կնիք յաղթութեան ընդդէմ թշնամւոյն. Հետեւի՛նք իրենց ուղիին եւ Խաչին նայինք իբրեւ զօրութեան, յոյսի եւ խաղաղութեան աղբիւր։ Հետեւի՛նք Քրիստոսի օրինակին՝ որ կեանքը զոհեց մեզի համար, ուխտե՛նք մենք եւս մեր անձերը ընծայել ծառայութեամբ, Աստուծոյ փառքին եւ ի խնդիր մեր հաւատքի պայծառացման ու ազգի շինութեան» շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Շարունակելով իր պատգամը, Առաջնորդ Սրբազանը մէջբերեց օրուան աւետարանական հատուածը՝ Յովհաննէս աւետարանիչի 3։14-16ը, եւ ըսաւ. «Անապատին մէջ Մովսէս Մարգարէի բարձրացուցած պղինձէ օձը նախատիպարն էր Գողգոթայի մէջ բարձրացուած խաչին եւ Խաչեալին փրկարար զօրութեան. ով որ կը նայի, կը յուսայ եւ կ’ապաւինի անոր, արժանի կ’ըլլայ փրկութեան։ Այսօր բոլորս կարիքը ունինք հոգեւոր վերածնունդի։ Մէկ եւ նոյնն է հոգեւոր վերածնունդի ճանապարհը, մաքուր սրտով՝ խաչի ճանապարհով հասնիլ Քրիստոսի»։ Ապա յիշելով 15 տարիներ առաջ, Սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկչական յարձակումը, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց ըսելով. «Աղօթենք, որ Ս. Խաչին կենարար լոյսը եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաղաղութիւնը, մեր իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ ներգործէ, խաղաղութիւն պարգեւելով համայն աշխարհին, Միջին Արեւելքին, Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին։ Եկէ՛ք, մշտապէս պանծացնենք, փառաւորենք ու մեծարենք կենսատու զօրութիւնը Քրիստոսի Ս. Խաչափայտինե։

ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ՃԱՇ Արարողութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ «Բաղրամեան» սրահ, ուր հաւատացեալներու խուռներամ ներկայութեամբ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւնը ու բաշխումը։ Ապա, աւանդութեան համաձայն, տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, կազմակերպութեամբ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին։

Ս. Խաչ Մայր Տաճարի պատանեաց ու երիտասարդաց խմբակը պատրաստած էր օրուան յատուկ յայտագիր մը: Անդամները մաս առ մաս ընթերցումներով, ներկայացուցին Ս. Խաչի գերի տարուելուն եւ ազատագրուելուն պատմութիւնը, ապա, իրենց ներկայացուցած պատմութեան մասին հարցումներ ուղղեցին ներկաներուն. ճիշդ պատասխան տուողներ ստացան նուէրներ:

Խօսք առաւ Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ պատանեացի ու երիտասարդականի անդամներուն մասին, շեշտելով, որ պէտք է նոր սերունդի զաւակները առաջնորդել եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան, դպրաց դասի, Կիրակնօրեայի եւ այլ միաւորներու ճամբով: Այնուհետեւ, խմբակին վարչութիւնը գնահատագիրներ յանձնեց այն անդամներուն, որոնք զանազան գործնական աշխատանքներով սատար կը հանդիսանան պատանեացի ու երիտասարդականի գործունէութեան:

Ողջոյնի խօսք արտասանեց հոգաբարձութեան ատենապետուհին՝ Տիկին Գոհար Կապրիէլ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, տօնական այս օրուան Ս. Պատարագ մատուցելուն եւ համայնքի զաւակնրուն հետ ըլլալուն առիթով, ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ արտասանէ օրհնութեան իր խօսքը:

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայուեցաւ հոգաբարձութեան ու տիկնանց միութեան մասին, որոնք կազմակերպած էին տօնական այս օրը եւ պատրաստած՝ մատաղը: Ան նաեւ գնահատեց ու օրհնեց պատանեացի ու երիտասարդականի անդամները՝ իրենց մատուցումին ու ծառայութեանց համար, մաղթելով, որ անոնք իրենց ձեռքերը միացնեն հոգաբարձութեան ու անոր կողքին ծառայողներուն, ի խնդիր Ս. Խաչ Մայր Տաճարի պայծառացման: Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ Սեպտեմբեր 29-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հնգօրեայ այցելութեամբ մը մեր Թեմը պիտի գտնուի եւ Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբերի երեկոյեան, ժաը 6:30ին, Կլենտէյլի Civic Auditorium-ին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ երիտասարդութեան հետ: Ան յորդորեց պատանիներն ու երիտասարդները, որ ներկայ ըլլան այդ հանդիպումին, լսեն Վեհափառ Հայրապետին պատգամը եւ առիթ ունենան զրուցելու Նորին Ս. Օծութեան հետ: Ապա ներկայ հաւատացեալները, սրտի խոր գոհունակութեամբ, վերանորոգուած ուխտով, վկաները դառնալով օրուայ հոգեպարար խորհուրդին, վերադարձան իրենց տուները։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022