Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող Կիրակին կը կոչուի Նոր Կիրակի կամ Կրկնազատիկ։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 8 Ապրիլին, եւ համաձայն տարիներու աւանդութեան, Ս. Պատարագ մատուցեց Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եւ ներկայ հաւատացեալներուն ուղղեց իր պատգամը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ սարկաւագները: Ներկայ էին եկեղեցւոյ ժողովականութեան ներկայացուցիչները, շրջանի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շրջանային Սկաուտական խորհուրդի խմբապետ-խմբապետուհիներ եւ գայլիկներ ու արծուիկներ։
Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանին ձեռամբ կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գայլիկներու եւ արծուիկներու շքանշաններու տուչութիւն։ Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց շքանշանները, ներկայ գայլիկներն ու արծուիկները եւ անոնց շնորհեց «Գայլ Վահան» եւ «Ս. Վարդան» շքանշանները։ Նշենք որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, գործակցաբար Ազգ. Առաջնորդարանին, տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ սկաուտներու եւ գայլիկներու յատուկ կրօնական-ազգային դաստիարակչական ծրագիրներ մը, որոնց մասնակցողներն ու յաջողութեամբ աւարտողները կ’արժանանան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց», «Գայլ Վահան» եւ «Ս. Վարդան» շքանշաններուն:
Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքն ու շքանշանի արժանացած գայլիկներն ու արծուիկները, ընդգծելով, որ այս արարողութիւնը կը զուգադիպի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեանց 100-ամեակին, ուրեմն՝ շքանշանի արժանացած գայլիկներն ու արծուիկները պէտք է գիտնան, որ պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող տարուան մը ընթացքին կ’արժանանան պատիւի՝ «Գայլ Վահան» եւ «Ս. Վարդան» շքանշաններուն։ «Եթէ մեր պատմութեան մէջ գոյութիւն չունենային գայլ վահաններ, քաջ վարդաններ եւ անոնց նման հերոսներ, չունենայինք Աստուծոյ, եկեղեցիին ու ազգին հանդէպ անոնց ունեցած կարգապահութեան, ոյժի, կորովի, հաւատարմութեան, հաւատքի եւ սիրոյ օրինակները, այսօր մենք անկախութիւն պիտի չունենայինք», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի գայլիկներն ու արծուիկները յարատեւեն իրենց առաքելութեան մէջ, հասնին բարձր պաշտօններու եւ ըլլան տիպար քրիստոնեաներ ու հայեր։
Վեր առնելով Քրիստոսի Ս. Յարութեան եւ Նոր Կիրակիի խորհուրդը, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ թէեւ տարուան բոլոր կիրակիները Քրիստոսի Ս. Յարութեան աւետիսն ու խորհուրդը կը փոխանցեն մեզի, բայց Ս. Զատիկէն մինչեւ Հոգեգալուստի օրը, յիսուն օր, որ Յինանց կը կոչուին, ամէն օր յատուկ յիշատակութեան կ’արժանանայ Քրիստոսի Ս. Յարութեան հրաշքը, եւ չորս Աւետարաններն ու հարիւրյիսուն սաղմոսները կ’ընթերցուին եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի մեր կեանքի ճանապարհորդութիւնը շարունակենք քրիստոնէական հաւատքով զօրացած ու նորոգուած։
Կեդրոնանալով Նոր Կիրակիի խորհուրդին վրայ, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ այս օրը Ս. Յարութեան յաղթանակը վերստին հռչակելու օր է, որովհետեւ Քրիստոս իր յարութեամբ ու մահուան ու չարին վրայ յաղթանակով նոր կեանք պարգեւեց բոլորիս։ «Քրիստոս իր լոյսով մեր բոլորին կեանքը, հոգին ու էութիւնը լուսազարդեց, մեր մէջէն փարատեց տգիտութեան խաւարը եւ Իր իմաստութեան լոյսը ցաթեցուց մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ՝ մեզի պարգեւելով նոր կեանք, նոր սկիզբ. այս իսկ պատճառով, այսօր Նոր Կիրակի է ու նոր սկիզբ է բոլորիս համար»։
Իր պատգամի երկրորդ բաժինով, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ յետ յարութեան աշակերտներուն Քրիստոսի երեւումներուն մասին, որուն առաջինին Թովմաս առաքեալ ներկայ չէր. Քրիստոս իր խօսքը ուղղելով Թովմասին ըսաւ.- «Երանի՜ անոնց՝ որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան» (Յհ. 20։29)։ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Թովմաս առաքեալ իր հոգիի աչքերով տեսաւ ու վկայեց Քրիստոսի Աստուածութիւնը. Ան Քրիստոսի վէրքը շօշափելու փափաքով թերութիւն չարձանագրեց իր հաւատքին մէջ, այլ խորքին մէջ ուզեց մարդոց ցոյց տալ յարութեան ապացոյցը։ Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ երանելի են նաեւ անոնք, որոնց կարգին նաեւ մենք, որ դարեր շարունակ առանց տեսնելու կը վկայենք Քրիստոսի Աստուածութիւնը՝ «Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը թելադրեց օրինակ առնել Քրիստոսի առաքեալներէն, որոնք հոգիով վերանորոգուեցան եւ հաւատքով ու յոյսով տոգորուած՝ կեանքի նոր ուղի մը թեւակոխեցին:
Ս. Պատարագի աւարտին, գայլիկները, արծուիկները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը Ս. Հաղորդութիւն ստացան։ Նշենք, որ շքանշանի արժանացած գայլիկներն ու արծուիկները Առաջնորդ Սրբազանէն խաչեր եւ «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքագիրքէն նուէր ստացան։
Աւարտին, ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերքը։