Կիրակի, 7 Հոկտեմբեր 2014ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցեց ու յաւարտ Ս. Պատարագի նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան, որուն ընթացքին յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ իրաքահայ վախճանեալ հոգեւորականներու եւ հանգուցեալ բարերարներու հոգիներուն համար, ապա՝ հովանաւորեց Դաստիարակչական Յանձնախումբին կազմակերպած ձեռնարկը, նուիրուած Իրաքի հայկական եկեղեցիներու պատմութեան:
Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան ու սարկաւագներ: Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններու անդամներ, Իրաքահայեր եւ ծխական համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդը:
Տէրունական աղօթքէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հոգեկան ցնծութեամբ ողջունեց Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնը, յարակից մարմինները, ծխական համայնքի հաւատացեալները եւ Իրաքահայ մեր աւանդապահ գաղութի ազգայինները: Ան իր պատգամին բնաբան ընտրած էր Մարկոսի Աւետարանի 7-րդ գլուխի 31-37 համարները, ուր նկարագրուած է խուլ եւ համր հիւանդին բժշկութիւնը Քրիստոսի ձեռամբ: Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ այս հրաշքը պէտք չէ ընկալել միայն ֆիզիքական երեսով, այլ պէտք է տեսնել անոր պատգամը մեր հոգեւոր կեանքին մէջ, այսինքն, հաւատացեալին ականջները պէտք է պատրաստ ըլլան լսելու Աստուծոյ պատուիրանները, իսկ լեզուն ու բերանը պէտք է ծառայեն բարի արտայայտութիւններու, չխօսին սխալ ու չար բաներ: Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ հրաւէր ուղղեց երիտասարդներուն, եւ զանոնք յորդորեց, որ անոնք իրենց ականջները բանան մեր պապերու հաւատքին ու աստուածային ճշմարտութիւններուն, եւ հեռու մնալով բամբասանքէ, եւ նոյն մօտեցումով ալ իրենց զաւակները դաստիարակեն: Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի մեզ առաջնորդէ Իր կամքին համաձայն, եւ խաղաղութիւն շնորհէ աշխարհիս, Միջին Արեւելքին եւ յատկապէս Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Կազայի:
“Տէր Ողորմեա”էն առաջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, յանուն Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, յարակից օժանդակ մարմիններու եւ համայնքի հաւատացեալներուն, երախտագիտական զգացումներով ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ ընդառաջած էր Ս. Պատարագ մատուցելու հրաւէրին, եւ հրաւիրեց ներկաները, որ աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած, Առաջնորդ Սրբազան Հօր քաջառողջութեան եւ արեւշատութեան համար:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, իրաքահայ վախճանեալ հոգեւորականներու եւ եկեղեցաշէն բարերարներու հոգիներուն համար:
Արարողութեանց աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով, “Ուրախ Լեր” շարականի ուղեկցութեամբ առաջնորդուեցաւ դէպի Ազգ. Առաջնորդարանի շրջափակը, ուր օրհնեց սիրոյ սեղանն ու հաւատացեալները: Եկեղեցւոյս երգչախումբը հնչեցուց “Կիլիկիա”ն: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը “Պահպանիչ”ով արձակեց հաւատացեալները խաղաղութեամբ:
Ներկաները մասնակից եղան եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան պատրաստած սիրոյ սեղանին, ապա ուղղուեցան Ազգ. Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահը, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ Դաստիարակչական Յանձնախումբի կազմակերպած դասախօսական ձեռնարկը, նուիրուած Իրաքի մեր եկեղեցիներու պատմութեան: Հանդիսավարուհիին՝ Տիկ. Արուսեակ Մելքոնեանի բարի գալուստի ջերմ խօսքերէն ետք, ի գործ դրուեցաւ խնամքով պատրաստուած յայտագիր մը: Բանախօսեցին Տիար Պերճ Զատոյեան, որ ներկայացուց “Իրաքահայ արդի գաղթօճախի կազմաւորումը”, Տոքթ. Վեհունի Մինասեան ներկայացուց “Եկեղեցաշինութիւնը եւ հայ եկեղեցիները Իրաքի մէջ” նիւթը, իսկ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան՝ “Աւանդապաշտ եւ եկեղեցասէր Իրաքահայը”: Գեղարուեստական յայտագիրը մատուցեցին ասմունքող Անդրանիկ Սողոմոնեան եւ սոփրանօ՝ Ալիս Յարութիւնեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Յովսէփ Թորոսեանի:
Հանդիսավարուհին, ներկաներուն ուղղուած իր շնորհակալական խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որպէսզի իր սրտի խօսքով եւ օրհնութեամբ փակէ ձեռնարկը: Սրբազան Հայրը գոհունակութեամբ նշեց, որ ներկաները ականջալուր եղան 400 տարիներու վրայ երկարող իրաքահայ մեր գաղութի եկեղեցաշէն եւ ծառայական կեանքին, ու մէջբերելով մեր հանգստեան ժամերգութենէն հատուած մը՝ “Ողորմեա զեկեղեցի շինողաց, երախտաւորաց, պտղատուից, սպասաւորաց եւ այնոսիկ, որք ընդ հովանեաւ սրբոյ եկեղեցւոյ են հանգուցեալ”, խնդրեց Աստուծմէ, որ ողորմէ բոլոր անոնց, որոնք եկեղեցի շինեցին, երախտաւորներուն, պտղատուներուն, նիւթաբարոյական ծառայութիւն մատուցողներուն: Այնուհետեւ, անդրադառնալով Միջին Արեւելքի տագնապալի կացութեան՝ երախտագիտական խօսք ուղղեց արաբ ժողովուրդին, որ 1915-ին մեզ գրկաբաց ընդունեց, ի տարբերութիւն կրօնամոլ ծայրահեղականներուն, որ ի յայտ եկած է շրջանին մէջ:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ Հայաստանի Քայլերգով: