Կիրակի, 20 Մայիս 2018-ին, Հոգեգալստեան տօնին առթիւ, Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Օրէնճ Քաունթիի Ս.
buy neurontin online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/neurontin.html no prescription
Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Ս. Պատարագին պիտի հանդիսապետէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։
Ս. Պատարագէն ետք, Յարութ Պարսամեան Հայ Կեդրոնի «Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ պատշաճ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին հաւատացեալ ժողովուրդը առիթը պիտի ունենայ հանդիպելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր, շնորհաւորելու նորաօծ Սրբազանը եւ ստանալու անոնց օրհնութիւնը։