Թեմիս Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Կիրակի, 17 Յունիս 2018-ին Ս. Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Ներկայ հաւատացեալներու շարքին էին Ազգ. Վարչութեան դիւանի անդամները՝ Տեարք Կարօ Էշկիեան, Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, Աւօ Քէշիշեան եւ Տիկին Էկիզապէթ Պօյաճեան։
Ս. Պատարագի ընթացքին խօսք առաւ Առաջնորդ Սրբազանը, որ ողջունեց պատարագիչ Սրբազան Հայրը եւ ներկաները, յաջողութիւն մաղթեց Առաջնորդական փոխանորդին՝ իր առաքելութեան մէջ։ Ան շնորհաւորանքի ու բարեմաղթութեան խօսք ուղղեց Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան 50-ամեակին ու հայրերու տօնին առիթներով։ Նկատի ունենալով, որ Յունիսը հունձքի ամիս է եւ հայկական վարժարաններու վերջին հանդէսը օր մը առաջ տեղի ունեցած էր, Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց բոլորին։ Առաջնորդ Սրբազանը յիշեց, որ այս շաբաթավերջին կը զուգադիպի նաեւ իր կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան 42-րդ տարեդարձն եւ խնդրեց հաւատացեալներէն աղօթել մեր ժողովուրդի ծառայութեան լծուած հոգեւորականներուն համար եւ նոյն ոգիով ողջունեց Ազգ. Վարչութեան անդամները եւ հրաւիրեց Առաջնորդական փոխանորդ Սրբազանը տալու իր քարոզը։
Թորգոմ Սրբազան առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը ընծայած է եպիսկոպոսական իր առաջին Ս. Պատարագը մատուցելու Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանը, Ազգ. Վարչութեան անդամները եւ ծխական համայնքի զաւակները, ապա, իր քարոզը կեդրոնացուց Հայրերու տօնին վրայ։ Ան նշեց, որ Աստուած բազմաթիւ անուններով կը յիշուի, սակայն Ան ամէն բանէ առաջ եւ վեր՝ բոլորիս հայրն է, ոչ թէ որովհետեւ արժանի ենք անոր զաւակները ըլլալու, այլ՝ որովհետեւ Ան սէր ու ողորմութիւն ունի մեզի հանդէպ։ Իւրաքանչիւր հաւատացեալ իւրայատուկ կապ մը ունի Երկնաւոր Հօր հետ, սակայն ամէնէն կարեւորը՝ հօր եւ զաւկի յարաբերութիւնն է։ Խօսելով հայրական յատկանիշներու մասին՝ նկատել տուաւ, որ Աստուածաշունչը լաւագոյն ուղեցոյցը կը հանդիսանայ այս առումով, թէ հայր մը ինչպէս կրնայ լաւ հայր ըլլալ եւ առաջնորդել իր զաւակները։ Հայր ըլլալը մեծ զոհողութիւններ կը պահանջէ, հայրը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ դժուարութիւններ, այս մօտեցումով՝ ան շնորհաւորեց բոլոր հայրերը եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ օրհնէ բոլոր հայրերը եւ առաջնորդ ըլլայ անոնց առաքելութեան, իսկ զաւակները յորդորեց յարգել իրենց հայրն ու մայրը։
Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի եւ Հայրապետական մաղթերգի խմբերգումով։
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Ս. Պատարագէն ետք, «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեան» երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ մը։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին, ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան, շրջանի Հ.Յ.Դ. «Լեռնավայր» կոմիտէի, Հայ Դատի յանձնախումբի, Համազգայինի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի, Ազգ.
buy furosemide online pridedentaloffice.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/furosemide.html no prescription
Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուրի ներկայացուցիչներն ու բարերարներ։
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Գօգօ Փանոսեան, շնորհաւորեց Առաջնորդական փոխանորդը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր առաքելութեան։
Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց սեղանները եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ան անգամ մը եւս շնորհաւորեց Առաջնորդական փոխանորդը եւ մաղթեց փայլուն ապագայ, ողջունեց Ազգ. Վարչութեան անդամները եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ հոգեւոր հովիւին, ազգային երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեան, տիկնանց միութեան, Ս. Սեղանին սպասարկողներուն ու դպրաց դասին մասին, յորդորելով, որ անոնց նոյն հոգիով շարունակեն բարի ծառայութիւնը եւ գործեն իբրեւ անդամները մէկ մեծ ընտանիքի։
Տ. Պօղոս Քահանայ գոհունակութիւն յայտնեց օրուան արարողութեան համար, շնորհաւորեց Առաջնորդական փոխանորդը եւ բարի երթ մաղթեց անոր առաքելութեան։
Յանուն Ազգ. Վարչութեան՝ Տիար Աւօ Քէշիշեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ծխական համայնքին՝ ջերմ ընդունելութեան համար, Առաջնորդական փոխանորդին՝ իր հոգելից քարոզին համար, շնորհաւորեց բոլոր հայրերը, մասնաւորաբար երկու Սրբազան Հայրերը, որոնք կ’առաջնորդեն սիրով ու հոգածութեամբ։
Առաջնորդական փոխանորդ Սրբազանը արտասանեց շնորհակալութեան խօսք եւ գոհունակութիւն յայտնեց այս սիրոյ սեղանին համար, նշեց, որ թէեւ իւրաքանչիւր անձ իւրայատուկ նկարագիր, մտածելակերպ ու ֆիզիքական յատկանիշներ ունի, սակայն կարեւոր է կեդրոնանալ այն բաներուն վրայ, որոնք մեզ կը միացնեն, եւ ոչ թէ իրարմէ կը տարբերեն. մենք իրարու կը միանանք մեր հաւատքով, մշակոյթով, ազգային նկարագիրով եւ հայրենիքով, հետեւաբար՝ կոչ ուղղեց աղօթելու իրարու համար, օգնելու իրարու, գործելու միասնաբար, ի խնդիր հաւաքական բարօրութեան։
Պաշտօնական յայտագիրը վերջ գտաւ կարկանդակի հատումով։