Քրիստոսի Այլակերպութեան Տօնին Առիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ – Յատուկ Աղօթք Լիզպոնի 5 Նահատակներու Յիշատակին


Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը, որ ծանօթ է նաեւ Վարդավառ անունով, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է։

Կիրակի, 27 Յուլիս 2014-ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը մեծ շուքով եւ եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով նշեց Վարդավառի տօնը։ Հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան։ Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան եւ սարկաւագներ։

Նկատի ունենալով, որ այդ օրը կը զուգադիպէր Լիզպոնի 5 հերոսներուն նահատակութեան 31րդ տարելիցին, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ “Տէր Ողորմեա”ի յատուկ աղօթք կատարուեցաւ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր քարոզի սկիզբը, անդրադարձաւ Լիզպոնի 5-ի սխրագործութեան, ընդգծելով, որ անոնք զոհուեցան ազատութեան խորանին՝ հայրենիքի եւ ժողովուրդի ազատութեան տենչով։ Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ Սիմոնը, Վաչէն, Սագօն, Սեդրակն ու Արան, իրենց իսկ բառերով, սոսկական անձնասպանութեան կամ խելագարութեան չդիմեցին, այլ իրենց հերոսական արարքը գիտակցուած զոհաբերութիւն էր հայրենիքին համար, նման այն անհամար հերոս նահատակներուն, որոնք մեր պատմութիւնը կերտած են “Մահ իմացեալ անմահութիւն է” նշանաբանով։ Ան աղօթք բարձրացուց հինգ հերոսներուն յիշատակին, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց աղօթելու աշխարհի խաղաղութեան համար, յիշեցնելով, որ Միջին Արեւելքը, յատկապէս Սուրիան եւ Իրաքը, ինչպէս նաեւ աշխարհի այլ շրջաններ բռնուած են արիւնալի տագնապներու մէջ, մինչեւ անգամ ճամբորդական օդանաւներ զոհ կ’երթան անմարդկային արարքներու։ Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ “Տէր Ողորմեա”ի պահուն, յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի այս բոլորին յիշատակին։

Յիշատակի այս խօսքերէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր պատգամը, որուն բնաբան էր օրուան տօնին նուիրուած շարականին այս տողերը.- “Հովանացեալ ամպ լուսեղէն զհայրական տուեալ ձայն եթէ, դա է Որդի իմ սիրելի, ընդ եւ մէք ցնծութեամբ երգեմք, ողորմեա մեզ մարդասէր”, որ կը նշանակէ, “երկինքէն լուսեղէն ամպը իբրեւ հովանի տալով, հայրական երկնային ձայնը կþըսէ.- “Այդ է իմ սիրելի Որդին, անոր մտիկ ըրէք”։ Իսկ մենք ալ ցնծութեամբ կ’աղաղակենք եւ կ’ըսենք.- “Ո՜վ մարդասէր Տէր, մեզի ալ ողորմէ”։

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Թափօր լերան վրայ տեղի ունեցած Յիսուսի հրաշափառ Այլակերպութեան խորհուրդին։ Ան յիշեց թէ Այլակերպութեան տօնը իր հոգեւորականի կեանքին մէջ մեծ իմաստ եւ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ 38 տարիներ առաջ, իբրեւ կուսակրօն քահանայ, եւ 17 տարիներ առաջ, իբրեւ Եպիսկոպոս իր անդրանիկ Ս. Պատարագները մատուցած էր այս տօնին օրը։

Այս տօնի խորհուրդին անդրադառնալով, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ.- “Մեր կեանքը հոգեւոր սնունդի եւ հոգեւոր պայծառակերպութեան պէտք ունի”։ Ան յորդորեց ձգտիլ հոգեւոր պարզութեան ու խոնարհութեան, հեռու կանգնիլ կեղծիքէ, որովհետեւ, ինչպէս ականատես կ’ըլլանք, այսօրուան աշխարհին մէջ հաւատքի եւ կրօնքի անունով ինչպիսի արարքներ կը գործուին։ Առաջնորդ Սրբազանը յատկապէս պատգամեց կառչիլ մեր Սուրբ հաւատքին եւ ազգային աւանդութեանց, հետեւիլ Աստուծոյ խօսքերուն եւ գտնել հոգեւոր պայծառութիւն, մերժելով բարոյական խախտումի ամէն երեւոյթ։

Ս. Պատարագի աւարտին, երգուեցան “Կիլիկիա”ն եւ “Մեր Հայրենիք”ը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022