Կիրակի, 28 Ապրիլ 2019-ին, Նոր Կիրակիին կամ Կրկնազատիկին, եւ ծուխի հիմնադրութեան 10-ամեակին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, մատաղի օրհնութիւն կատարեց, եւ իր պատգամը ուղղեց Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան աղօթակից էր Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Ս. սեղանին սպասարկեց հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ.Գասապեան։
Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ չորս դպիրներուն՝ Րաֆֆի Գասապեանին, Վիգէն Գասապեանին, Սեւակ Գասապեանին եւ Նարեկ Վահանեանին, ապա փոխանցեց իր պատգամը, նախ շնորհաւորելով ուրարակիրները եւ մաղթելով, որ հոգւով նորոգուին ու հարստանան, ըլլա՛ն հեզ, պարկեշտ եւ խոնարհ իրենց ծառայութեամբ եւ Տէրը փառաւորեն իրենց կեանքի տեւողութեան։
Անդրադառնալով Նոր Կիրակիին, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ մեր եկեղեցին խնդութեամբ մեզ կը հրաւիրէ Կրկնազատիկէն սկսեալ մինչեւ Հոգեգալուստ, Յարութեան յաղթական հոգիով ներշնչուած ո՛չ միայն Տիրոջ Յարութիւնը հնչեցնելու ամէնուրեք, այլ մանաւանդ փոխանցելու այն պատգամն ու կեանքը, որ շնորհեց Քրիստոսի Յարութիւնը նախ՝ իր աշակերտներուն եւ ապա բոլոր հաւատացողներուն, որ ուրիշ բան չէր, այլ կեանքի նորոգութիւն եւ փոփոխութիւն, ճշմարիտ կեանքի ըմբռնում եւ նոր կեանքի զգենում։
Առաքեալներ ի տես Յիսուսի երկրաւոր կեանքի կրած չարչարանքներուն եւ վախճանին, թէեւ հաւատքին մէջ տարակուսեցան, սակայն երբ Քրիստոս Յարութիւն առաւ, անոնց հաւատքը վերահաստատուեցաւ, սակայն կարեւոր էր, որ Տէրը հանդիպէր եւ իր ողջոյնն ու խաղաղութիւնը փոխանցէր իրենց։ Քրիստոսի երեւումէն ետք, աշակերտները նոր կեանք ունեցան եւ դարձան անվեհեր քարոզիչները Յիսուսի յաղթական Յարութեան։ Իսկ Թովմաս, որ առաջին երեւումին բացակայ էր եւ ապացոյցի կարիքը կը զգար, սկիզբը տարակուսեցաւ եւ Քրիստոսի երկրորդ երեւումին վկայեց «Դո՛ւն ես իմ Տէրս եւ Աստուածս». Յիսուս պատասխանեց ըսելով, «Երանի՜ անոնց՝ որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան»։
Առաջնորդ Սրբազանը հաւատացեալներուն հետ հաղորդական երկխօսութեամբ մը հարց տուաւ, թէ ո՞վքեր էին երանելիները, անոնք՝ որոնք առանց տեսնելու կը հաւատային Քրիստոսի Յարութեան, թէ՞ անոնք, որոնք կասկածոտ էին Թովմասի նման։ Հաւատացեալները հաւաքական կերպով իրենց համաձայնութիւնը յայտնեցին, որ անոնք կը պատկանէին առաջին խումբին։
Առաջնորդ Սրբազանը պատգամեց, որ պէտք է վերանորոգուինք եւ մեր հաւատքի ուղեւորութեան մէջ անշե՛ղ ըլլանք. իբր լոյսի որդիներ զգաստ ըլլանք եւ Աստուծոյ նմանելու մեր ճիգին մէջ նո՛ր հոգիով, նո՛ր հաւատքով շարունակենք ապրիլ։ Ան եզրափակեց աղօթելով, որ իւրաքանչիւրը լուսաւորուած հոգիով վերանորոգուի Աստուծոյ փառքին եւ եկեղեցւոյ ծառայութեան համար եւ մաղթեց, որ Աստուած իր յարմար նկատած ժամանակին, ծխական համայնքը օժտէ իր սեփական եկեղեցիով։
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Նոյն օրը Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ աղօթք բարձրացուեցաւ մեր Թեմին մէջ ծառայած հոգեւոր թէ աշխարհական բոլոր սպասարկուներուն հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Աւարտին,տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին արտասանուեցան շնորհաւորանքի խօսքեր։