Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Քրեսենթա Հովիտի Եկեղեցւոյ Մէջ – Ցեպասպանութեան 100-ամեակի Հայրապետական Կոնդակի Ընթերցում Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ


Կիրակի, 28 Դեկտեմբեր 2014 թուականը, իր գեղեցիկ յիշատակներով, անմոռաց պիտի մնայ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու յիշողութեան մէջ:

Արդարեւ, ընդառաջելով եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւին՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան ու հոգաբարձութեան հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ մէջ, եւ ընթերցեց Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակը, նուիրուած՝ Ցեղասպանութպան 100ամեակին ու մեր պահանջատիրութեան: Նշենք, որ հայրապետական կոնդակը, տնօրինութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, նոյն օրը ընթերցուեցաւ նաեւ մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:

Ս. Պատարագին ներկայ էին Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, ազգային ու քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ արտաքին գործոց նախարար եւ Ազգային Ժողովի անդամ Տիար Րաֆֆի Յովհաննէսեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններու անդամներ եւ ծխական համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդը:

Պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, հանդիսաւոր թափօրով ու “Հրաշափառ”ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի: Թափօրին մաս կը կազմէին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու սարկաւագները, որոնք եւ սպասարկեցին Ս. Սեղանին:

“Հայր Մեր”էն առաջ, “Ստեփանոս քաղցրիկ տատրակ” շարականի երգեցողութեամբ, մոմերը իրենց ձեռքին, սարկաւագներն ու ուրարակիրները խորանին առջեւ առաջնորդուեցան եւ ստացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր գնահատանքն ու օրհնութիւնը: Վեր առնելով Ստեփանոս նախասարկաւագի եւ առաջին մարտիրոսի առաքինի վարքն ու սրբակենցաղ կեանքը, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց սարկաւագները հետեւելու Ս. Ստեփանոսի օրինակին եւ իրենց խոնարհ ծառայութեամբ օրինակ դառնալու բոլորին:

Ապա, հանդիսաւոր թափօրով եւ “Հրաշափառ”ով խորան բերուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետի սրբատառ կոնդակը, զոր հաւատացեալները երկիւղածութեամբ ունկնդրեցին յոտնկայս: Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հակիրճ կերպով մեկնաբանեց օրուան ճաշու աւետարանին մէջ նշուած “Մնասներու առակ”ի խորհուրդը, (Ղուկասու Աւետարանի 19-րդ գլուխի 11-28 համարները), Նոր Տարուան սեմին հրաւիրելով հաւատացեալները լաւագոյնս օգտագործելու ի վերուստ տրուած շնորհքները, զանոնք իբր աւանդ ընդունիլ եւ լաւագոյնս արդիւնաւորել ու շահարկել ի փառս Աստուծոյ, որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի ու չունեցողին ունեցածն ալ պիտի առնուի իրմէ:

“Տէր Ողորմեա”էն առաջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, յանուն Քրեսենթա հովիտի եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, որդիական ակնածանքով ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ սիրով ընդառաջելով համայնքի հրաւէրին, իր օրհնաբեր այցելութեամբ, մատուցած եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով, ոգեշունչ պատգամով եւ սարկաւագներու օրհնութեամբ ու գնահատանքով ոգեւորեց եւ խանդավառեց ներկաները: Ապա խնդրեց ներկաներէն, որ “Տէր Ողորմեա”ի ընթացքին աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած, Առաջնորդ Սրբազան Հօր քաջառողջութեան եւ արեւշատութեան համար, շարունակելու իր հովուական սրբազան առաքելութիւնը մեր տիրախնամ թեմէն ներս, ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ եւ ի մխիթարութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին: Ապա, Արժ. Տէր Հայրը ողջունեց Գերշ. Եփրեմ Արք. Թապագեանին ու մեծարգոյ հիւրերուն ներկայութիւնը հոգեպարար արարողութեան:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, խնդրուած հաւատացելներու կողմէ, իրենց հանգուցեալ հարազատներու հոգիներուն համար:

Ապա, թափօրով, “Ուրախ Լեր” շարականով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջնորդուեցաւ դէպի Ազգային Առաջնորդարանի նախասրահը, ուր օրհնեց եկեղեցւոյս Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած սիրոյ սեղանն ու հաւատացեալները: Եկեղեցւոյս երգչախումբը ներկաներու ձայնակցութեամբ հնչեցուց “Կիլիկիա”ն: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պահպանիչով արձակեց հաւատացեալները խաղաղութեամբ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022