60-Ամեակի եւ 45-Ամեակի Նուիրուած Հանդիսաւոր Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ

Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Կիլիկեան Ս. Աթոռի հովանին վայելող Թեմի 60-ամեակն ու Արեւմտեան մեր Թեմի 45-ամեակը առիթ են անդրադառնալու կերտուած ծառայական վաստակին, սակայն նաեւ մեկնակէտ պիտի ծառայեն վերանորոգելու ծառայական ուխտը ու նոր թափով շարունակելու երթը, հաստատեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր 2018-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, զոյգ յոբելեաններուն առիթով իր մատուցած Ս. Պատարագին ընթացքին, միաժամամակ կոչ ուղղելով բոլորին, որ միասնական ճիգերով ու սերտ գործակցութեան ոգիով, հաւատքով եւ յոյսով նայինք ապագային, պայծառացնենք մեր Եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ժողովուրդին կեանքը։

Ս. Պատարագին ներկայ էին մեր Թեմի նախկին առաջնորդներէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան եւ անդամներ, միութենական ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

Առաջնորդ Սրբազանը եկեղեցի մուտք գործեց թափօրով։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան, Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան եւ սարկաւագներ։ Եկեղեցւոյ դասին երկու կողմերուն տեղադրուած էին Ս. Աթոռոյս անցեալի ու ներկայի գահակալներուն, ինչպէս նաեւ Թեմի առաջնորդներուն նկարները կրող պաստառներ։

Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը կեդրոնացած էր պատմական այս հանգրուանին ու ապագայի տեսլականին վրայ։ Ան առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, որ իրեն առիթը շնորհած է յոբելենական այս առիթով Ս. Պատարագ մատուցելու, որ նաեւ առիթ է երթը շարունակելու վերանորոգելու յանձնառութիւնը՝ Երկնաւոր Հօր պատուիրաններուն հետեւելով։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ անցեալ 60 եւ 45 տարիներուն հովանի ու առաջնորդ եղած է Թեմական կեանքի ծառայողներուն, ոգեկոչեց յիշատակը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երանաշնորհ հայրապետներուն՝ Տ. Տ. Զարեհ Ա., Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. (ապա Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց) կաթողիկոսներուն, որոնց հովանիին տակ կազմուեցան ու ծառայական վաստակ կերտեցին հիւսիսային Ամերիկայի ապա Արեւմտեան մեր թեմերը, իսկ ներկայիս, երթը կը շարունակուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանիին ներքեւ ու առաջնորդութեամբ։ Ան երախտագիտութեան զգացումներով ոգեկոչեց յիշատակն ու վաստակը հոգելոյս թեմակալ Առաջնորդներուն՝ Տ. Հրանդ Արք. Խաչատուրեանի ու Տ. Սմբատ Արք. Լափաճեանի, գնահատանքով անդրադարձաւ նաեւ Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի ու Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի գործունէութեան, ողջունելով Տ. Եփրեմ Սրբազանին ներկայութիւնը, նշելով, որ ինք անցնող 23 տարիներուն նախ իբրեւ տեղապահ այնուհետեւ իբրեւ առաջնորդ կը շարունակէ նախորդ Առաջնորդներուն սկսած երթը, շնորհիւ Աստուծոյ ու գործակցութեամբ հոգեւոր ու աշխարհական նուիրեալներու։

Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց հոգիներուն համար Թեմիս նուիրեալ բոլոր ննջեցեալներուն յիշատակին, նշելով, որ յաւարտ Ս. Պատարագի, աղօթք պիտի բարձրացուի նաեւ Հայաստանը 30 տարի առաջ հարուածող երկրաշարժի զոհեուն հոգիներուն համար, խնդրելով Աստուծմէ, որ ըլլայ հովանի վերապրողներուն բարւոքումին։ Առաջնորդ Սրբազանին տնօրինումով՝ նոյն օրը, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին։ Նկատի ունենալով, որ նոյն օրը Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենային ազգային ժողովի ընտրութիւնները, խնդրեց Աստուծմէ, որ առաջնորդէ մեր հայրենիքի ղեկաւարներուն առաքելութեան ճանապարհը, ի խնդիր Հայաստանի ու ժողովուրդի ապահով երթին ու Սփիւռքի հետ գործակցութեան ամրապնդման։

Առաջնորդ Սրբազանը այնուհետեւ հաւատացեալները բաժնեկից դարձուց կարգ մը մտածումներու, որոնք կը բխէին Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի պատգամներէն։ Առաջին հերթին, ան յիշատակեց Յիսուսի առաքելութիւնը ծանուցող՝ Յովհաննէս Մկրտիչի խօսքերը, երբ ան Յիսուսը ներկայացուց իբրեւ «Աստուծոյ Գառնուկը», որուն հետեւեցան աշակերտները։ Ապա, ան յիշատակեց Յիսուսի հրաշագործութիւնները՝ Կանայի Հարսանիքն ու հինգ-հազարին կերակրումը, որոնք մարդոց սպասարկելու եւ կարիքներուն հոգացման կը ծառայէին, ընդգծելով, որ եկեղեցւոյ ու մեր թեմին ծառայողներն ալ հետեւորդներն են Քրիստոսի, Հայաստան այս ուղին պահպանած է Քրիստոսի առաքեալներուն Հայաստան հասնելու օրերէն ի վեր, հաւատարիմ մնալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ հայրապետներու գծած ուղիին, որ շարունակուեցաւ դարերու ընթացքին։ Ան յարգանքով ու երախտապարտութեամբ յիշեց ամերիկեան այս ափերուն անցեալ տասնամեակներուն մատուցուած ծառայութիւնները եւ զանոնք նկատեց Քրիստոսի պատգամին կիրարկումը, այսինքն՝ հասնիլ ժողովուրդի կարիքներուն, ծառայելով նաեւ հայրենիքին, այն հասկացութեամբ, որ եկեղեցին ու ժողովուրդը մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն։ Այս մօտեցումով ալ, ան յոբելենական այս հանգրուանը նկատեց անցեալի ճառագայթումներով հաւատքով, յոյսով ու սիրով առաջնորդուելու եւ աւելի լուսաւոր ապագայի մը նայելու առիթ, ընդառաջելու Քրիստոսի հրաւէրին, վերանորոգ կամքով ու նուիրումով շարունակելու մեր սրբազան հայրապետներէն մեզի ժառանգ հասած ծառայական ուղին, նոյն հաւատքով ու յոյսով կերտելու ապագան։ Ան իր խօսքը աւարտեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ Իր կամքին համաձայն առաջնորդէ այս յանձնառու երթը, ո՛չ միայն այսօր ու վաղը, այլ յաւիտեանս յաւիտենից։

Յաւատ Ս. Պատարագի, հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ երկրաշարժի զոհերուն ու թեմական կեանքին նուիրեալ հոգեւորականներու ու աշխարհականներու յիշատակին։ Արարողութեան աւարտին, երգուեցաւ «Կիլիկիա»ն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022