Արեւմտեան մեր Թեմը այս օրերուն կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 45-րդ տարեդարձը, որ նաեւ 60-րդ տարեդարձն է Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Կիլիկեան Ս. Աթոռի հովանին վայելող Թեմի հիմնադրութեան։
Զոյգ յոբելեաններուն առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր 2018-ին հանդիսաւոր Ս.
buy viagra soft online www.adentalcare.com/wp-content/themes/medicare/editor-buttons/images/en/viagra-soft.html no prescription
Պատարագ պիտի մատուցէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Արարողութեան հրաւիրուած են մեր Թեմի ծաղկումին իրենց բաժինը բերած նախկին եւ ներկայի սպասարկուներ, ժողովականութեան անդամներ ու բարերարներ, ինչպէս նաեւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգիստ պիտի կատարուի մեզմէ առյաւէտ բաժնուած՝ Թեմիս բոլոր ծառայողներուն ու բարերարներուն յիշատակին։
ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Նկատի ունենալով, որ 7 Դեկտեմբերը 30-րդ տարեդարձն է Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժին, Առաջնորդ Սրբազանին տնօրինումով՝ Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգիստ տեղի պիտի ունենայ զոհերուն հոգիներուն համար, նաեւ աղօթք պիտի բարձրացուի ի խնդիր բացուած վէրքերուն ամոքումին։
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը մասնակից ըլլալու տօնական արարողութեան եւ յարգանքով խոնարհելու երկրաշարժի զոհերուն ու մեր թեմին ծառայողներուն յիշատակին։