Հայկական Ցեղասպանութեան աղէտալի դէպքերուն զուգահեռ, 1915 թուականին մեր հերոսամարտերը յուսադրիչ եւ մխիթարիչ լոյս եղան մեր ժողովուրդի փրկութեան ու վերապրումին իմաստով:
Մեր յաղթական հերոսամատերուն շարքին է Մուսա Լերան ինքնապաշտպանական ճակատամարտը, որուն յիշատակը ամէն տարի կը նշուի Սեպտեմբերին, ամէն տեղ, ուր հերոսամարտի կտրիճներու ժառանգորդները եւ անոնց յաղթանակով հպարտացող հայորդիները կը համախմբուին սխրանքին յիշատակը ոգեկոչելու նպատակով:
Մուսա Լերան հերոսամարտի 100ամեակի առիթով, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 6 Սեպտեմբեր 2015ին, պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի իր պատգամը փոխանցեց Ֆրեզնոյի մէջ, Մուսա Լերան հերոսամարտի տօնակատարութեան մասնակից ժողովուրդի զաւակներուն: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան:
Շաբաթ, 5 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ֆրեզնօ ժամանելով, մասնակից եղաւ ժողովրդական հաւաքոյթին, ուր Հայր Սուրբին եւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեանի հետ կատարեց մատաղի պատրաստութեան համար աղի օրհնութեան արարողութիւնը: Սրբազան Հայրը աղօրհնէքի իմաստն ու կարեւորութիւնը բացատրելէ ետք, կատարեց աղի օրհնութիւնը եւ խաչաձեւ սփռեց մատաղի կաթսային մէջ: Այնուհետեւ, սկսաւ մատաղի պատրաստութիւնը:
Կիրակի, 6 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ. խորանին սպարսակեցին Հայր Սուրբը եւ սարկաւագներ:
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ վեր առաւ 1915ին, Մուսա Լերան բարձունքներուն վրայ տեղի ունեցած օրհասական ճակատումներուն կարեւորութիւնն ու խորհուրդը, ոչ միայն իբրեւ լուսաւոր աստղ՝ սեւ ու տխուր օրերուն դիմաց, այլ նաեւ ինքնապաշտպանութեան դերը՝ բազմահազար հայորդիներու փրկութեան ու մեր ժողովուրդի վերականգնումի երթին մէջ. ան դրուատիքով խօսեցաւ հերոսամարտի աւանդը իրենց սիրտերուն ու կեանքերուն մէջ վառ պահող սերունդներուն մասին, ի Հայաստան եւ սփիւռքեան օճախներու մէջ, Այնճարէն մինչեւ Ֆրեզնօ (պատգամը կու տանք առանձին, իր ամբողջութեան մէջ):
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին երկրորդ բաժինով կանգ առաւ օրուան աւետարանական ընթերցումին վրայ, որ կ’անդրադառնար կոյր ու համր անձի մը բժշկութեան հրաշքին: Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ այս հրաշքը մեզի կը պատգամէ լսել, խօսիլ եւ ընել այն՝ ինչ որ ճիշդ է ու արդար: Կոյր ու համր մարդը շնորհք ստացաւ, երբ Յիսուսի բուժող ձեռքը հպեցաւ անոր. մենք ալ, իբրեւ հաւատացեալներ, աղօթենք, որ Տիրոջ բժշկարար Ս.
buy wellbutrin online blackmenheal.org/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/wellbutrin.html no prescription
Աջը հպի մեզի, որպէսզի մեր ոգեղէն ականջներով ու աչքերով լսենք ու տեսնենք իր պատգամները, արտայայտենք իր խօսքը: Հարիւրամեակի այս տարին ու անկէ ետք, ըլլանք հաւաքական բանբերները ճշմարտութեան ու արդարութեան, աշխարհին յիշեցնենք, թէ մեր ժողովուրդը ինչպիսի՛ տառապանքներ ապրեցաւ 100 տարի առաջ եւ այսօր, կը շարունակէ իր արդար պահանջատիրութիւնը:
Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ յառաջիկայ շաբաթ, մեր եկեղեցին պիտի նշէ Ս. Խաչի վերացման տօնը, որ մեզի կը յուշէ, թէ Աստուած, մարդկութեան հանդէպ իր սիրոյն համար մարդացաւ, խաչին վրայ չարչարանքներ յանձն առաւ, մեզի տալով յաւիտենական կեանքի խոստումը: Թող մեր ականջները բաց ըլլան իր փրկութեան պատգամներուն դիմաց, թող մեր լեզուները գովերգեն իր բարիքները, եւ մենք հպարտօրէն յայտարարենք, թէ իր հաւատացեալ զաւակներն ենք, արժանաւոր ժառանգորդները՝ մեր հերոս պապերուն, եւ իբրեւ այդպիսիներ՝ յանձնառու ենք մեր եկեղեցւոյ ու ազգի պայծառացման երթին: Ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի մեզ պահպանէ Ս. Խաչի հովանիին տակ, ընդդէմ մեր տեսանելի եւ անտեսանելի թշնամիներուն:
Ս. Պատարագի ընթացքին, «Տէր Ողորմեա»ի յատուկ աղօթքներ բարձրացուեցան եւ ապա հոգեհանգիստ կատարուեցաւ հերոսամարտի նահատակներուն համար, անհատապէս եւ հաւաքաբար:
Ս. Պատարագի աւարտին, խօսք առաւ Աւետարանական համայնքի Արեւմտեան Շրջանի վարիչ Տիար Լեւոն Ֆիլեան, որ Մուսա Լերան հերոսամարտի արժէքը վեր առնելով, նաեւ շեշտեց պատմութեան մէջ օտար երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու բարեսիրական ծառայութիւններն ու դերակատարութիւնը, գոհութիւն յայտնեց մարդասիրական բոլոր օժանդակութեանց համար, եւ աւետարանական համարներու քաջալերական խօսքերով յոյս ներշնչեց ներկայ հաւատացեալներուն:
Այնուհետեւ, ներկայ հաւատացեալներն ու ուխտաւորները մատաղի կաթսաներուն շուրջ համախմբուելով, «Ամէն Ալէլուլիա»ի երգեցողութեամբ մասնակից դարձան մատաղի օրհնութեան: Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարեմաղթութիւններուն յաջորդեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը, Մուսա Լերան հերոսամարտի եւ Հայաստանի հանրապետութեան քայլերգները:
Յետմիջօրէն անցաւ խրախճանքի մթնոլորտի մէջ: